Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ. Կարօ Փայլան Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծ մը ներկայացուցած է խորհրդարանին

Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի սեմին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծ մը ներկայացուցած է խորհրդարանին։ 

Օրինագիծով կ՚առաջարկուի ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, յստակացնել պատասխանատուներու անունները, հասարակական վայրերէն հեռացնել ցեղասպանութեան պարագլուխներու անունները, այդ անունները փոխարինել ցեղասպանութեան դէմ կանգնածներու անուններով, նաեւ Թուրքիոյ հպատակութիւն տալ այն Հայերուն, որոնց ծնողները կամ մեծմայրերն ու մեծհայրերը տուժած են Ցեղասպանութենէն կամ զոհ գացած են այդ  ողբերգութեան։

Փայլանի այս արտայայտութիւններուն պատճառաւ՝ Էրտողանի կուսակցութիւնը

մտադիր է իրաւական գործընթաց սկսիլ անոր դէմ

Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխը գտնուող Էրտողանի կուսակցութիւնը մտադիր է իրաւական գործընթաց սկսիլ ընդդէմ Փայլանի, անոր այս արտայայտութիւններուն համար։

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (AKP) կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք «Թուիթըր»-ի իր էջին գրառումով դատապարտած է Փայլանի կողմէ նմանօրինակ նախագծի ներկայացումը։

«Ո՛չ ոք կրնայ մեր ժողովուրդը զրպարտել ցեղասպանութեան յանցանքով։ Իսկ Գերագոյն մեճլիսի յարկին տակ գտնուող անձին կողմէ նման քայլ մը քաղաքական անբարոյականութիւն է»,– գրած է ան։

Չելիք յայտարարած է, թէ Փայլան պէտք է «ներողութիւն խնդրէ թուրք ժողովուրդէն»՝ աւելցնելով.– «Այս հարցով անհրաժեշտ իրաւական գործընթաց կը սկսինք»։

Ընկերային ցանցերու թրքական հարթակներու վրայ Փայլանին աջակցող արշաւ սկսած է

Ermenihaber.am կը հաղորդէ, թէ՝ ի պատասխան պոլսահայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ Թուրքիոյ իշխանական եւ քաղաքական շրջանակներու կողմէ ատելութեան խօսքերուն, թրքական ընկերային հարթակներու վրայ հաշթակներով զօրակցութեան արշաւ սկսած է, ինչպէս օրինակ՝

#GaroPaylanYalnızDeğil (Կարօ Փայլան առանձին չէ)։

#YanındayızGaroPaylan/ (Կարօ Փայլանի կողքին ենք)։