Թուրքիա կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան պաշտպանական ծրագրին մասնակցելու իր նպատակը

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5-ին Հելսինքի (Ֆինլանտա) կատարած այցելութեան ընթացքին, վերահաստատած է իր երկրին ցանկութիւնը՝ միանալու Եւրոպական Միութեան պաշտպանութեան ֆինանսաւորման ծրագրին (SAFE)։

Ֆինլանտացի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին, Ֆիտան շեշտած է Թուրքիոյ՝ իբրեւ ՕԹԱՆի անդամ, Եւրոպայի անվտանգութեան մէջ ունեցած կարեւոր դերը։

Սակայն, այս ծրագրին Թուրքիոյ ընդգրկումը կը պահանջէ Եւրոպական Միութեան 27 անդամ երկիրներուն հաւանութիւնը։ Աթէնք սպառնացած է խափանել այս գործընթացը, եթէ Անգարա շարունակէ վիճարկել Յունաստանի ինքնիշխանութիւնը Եգէական ծովուն մէջ։

Իր կարգին, Ֆինլանտայի Արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնեն յայտնած է, թէ կ՚աջակցի Թուրքիոյ մասնակցութեան։ Անգարա կը յուսայ նաեւ ստանալ Գերմանիոյ օգնութիւնը՝ յունական ընդդիմութիւնը յաղթահարելու համար։