Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած է Ազէրպայճանի հետ ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ Շուշիի հռչակագիրը։ Լուրը հաղորդած է «Ռիա Նովոստի»-ն։
Նախօրօք Ազէրպայճանի Միլլի Մէճլիսը (խորհրդարան) հաստատած էր Թուրքիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին հռչակագիրը:
Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ քննարկման ներկայացուած Շուշիի հռչակագիրը բարձր գնահատուած է իբրեւ պատմական կարևոր փաստաթուղթ մը:
Փաստաթուղթին թեր քուէարկած է 266 երեսփոխան։
Անցեալ տարուան Յունիս 15-ին Թուրքիոյ և Ազէրպայճանի նախագահներ Էրտողանի ու Ալիևի ստորագրած հռչակագրին մէջ նշուած է, թէ երկու երկիրները միասնաբար կը գործեն երրորդ պետութեան կողմէ սպառնալիքի կամ յարձակման պարագային: Հռչակագրին մէջ նաև շեշտուած է, որ կողմերը կը շարունակեն եղբայրական երկու երկիրներու զինեալ ուժերու արդիականացման ուղղուած միասնական ջանքերը։