Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Թուրքիոյ Հայերը արդէն վախի մէջ են»

Կարօ Փայլան՝ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն մասին 

«Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցին, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախորդ շրջանի երեսփոխան Կարօ Փայլան յայտարարած է, թէ  Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ դաշինք կազմած է ազգայնականներու ու ծայրայեղականներու հետ, կ՚ունենայ խորհրդարանական մեծամասնութիւն։ Այս կը նշանակէ, որ Թուրքիա յառաջիկային աւելի ազգայնական կը դառնայ, իսկ ազգայնական Թուրքիան մեծ դժուարութեամբ կը կարողանայ իր յարաբերութիւնները բարելաւել Հայաստանի հետ։

“Պէտք է ջանք չխնայել համոզելու համար Թուրքիան, որ խաղաղութիւն հաստատէ Հայաստանի հետ”,– ընդգծած է ան։

Փայլանի համաձայն՝ կարեւոր է, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը զարգանայ, քանի որ «միայն ժողովրդավար երկիր մը կրնայ լուծել իր խնդիրները դրացիներուն հետ»։

Ան արձանագրած է, որ վերջին ընտրութիւններու արդիւնքները չեն արդարացուցած պոլսահայ համայնքին ակնկալիքները։

“Թուրքիոյ Հայերը արդէն վախի մէջ են։ Մինչև 2015 թուականը մենք կը խօսէինք մեր խնդիրներուն մասին, մինչդեռ անկէ ետք Հայերը աւելի լուռ են։ Յոյս ունէինք, որ բան մը կը փոխուի այս ընտրութիւններով, սակայն այդպէս չեղաւ։ Դժբախտաբար, Հայերը ա՛լ աւելի լռութեան պիտի մատնուին յառաջիկայ ժամանակաշրջանին”,– յայտնած է Փայլան։