Պոլսոյ «Արաս» հայկական հրատարակչատունը լոյս ընծայած է ծանօթ համշէնահայ մտաւորական Մահիր Էօզքանի «Համշէնցնակ․ համշէնահայերէն» վերնագրով աշխատութիւնը։
Akunq.net-ի համաձայն՝ հայոց լեզուի Համշէնի բարբառի քերականութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած սոյն մենագրութիւնը նպատակադրած է գիտականօրէն ապացուցել համշէնահայերէնի` Հայոց լեզուի բարբառներէն մէկը ըլլալու փաստը։ Հեղինակը մանրամասն պարզաբանած է այդ հարցը՝ Հայոց լեզուի Համշէնի բարբառը բաղդատելով արեւմտահայերէնի հետ։
Գիրքը կ՚ուզէ վերջակէտ դնել Թուրքիոյ պետական համարկումի քաղաքականութեան հետեւանքով տարածուած այն պնդումներուն, որ իբրեւ թէ համշէնահայերէնը կապ չունի Հայոց լեզուին հետ։
Հեղինակը հատորին մէջ կը ներկայացնէ համշէնահայերէնի քերականութիւնը, բառամթերքը, ներկայիս այս բարբառը պահպանելու ճամբուն վրայ ցցուող դժուարութիւնները։ Մահիր Էօզքան սոյն մենագրութեամբ կը փափաքի ո՛չ միայն լոյս սփռել Հայոց լեզուի Համշէնի բարբառի ուսումնասիրութեան վրայ, այլ նաեւ՝ նպաստել անոր պահպանման։
Նշենք, թէ սոյն ուսումնասիրութիւնը հեղինակին առաջին գիրքը չէ։ Մինչ այդ, Էօզքան հրապարակած է «Համշէնեան պատմուածքներ», «Արտագաղթը փոփոխութեան ենթարկուող աշխարհի մէջ», «Հարաւարեւելեան ընտրողի վերաբերումը» եւ այլ աշխատութիւններ։ Ան Հայոց լեզուի Համշէնի բարբառով թարգմանած ու տպագրած է նաեւ Անթուան տը Սենթ-Էկզիւփերիի «Փոքրիկ իշխանը» երկը։