Թուրքիոյ ազգայնական «İYİ» (Լաւ) կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մուսաւաթ Տերվիշօղլու օրէնքի նախագիծ մը ներկայացուցած է երկրի խորհրդարանին: Ըստ այդ նախագծին՝ կ՚առաջարկուի Հայաստանի հետ սահմանին տեղակայուած Ալիճան անցակէտը անուանափոխել Թալէաթ փաշայի անունով:
Նախագիծը ստորագրած է 28 երեսփոխան։
Ներկայացուած օրինագծին մէջ նշուած է․ «Այս անուանափոխութիւնը միայն ցուցանակի փոփոխութիւն չէ, ան թուրք ժողովուրդի կամքի դրսեւորումն է՝ տէր կանգնելու իր պատմութեան, հերոսներուն եւ յիշողութեան, քանի որ ազգային հերոսները մոռցող ժողովուրդները ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը մատնուին։ Ալիճան սահմանային անցակէտի անուանափոխումը Թալէաթ փաշայի անունով միեւնոյն ժամանակ կը նշանակէ, թէ թշնամիի դիմաց ամուր կանգնած ժողովուրդը իր սահմաններուն վրայ կը դրոշմէ իր պատմական ինքնութիւնը»:
Ընդգծուած է, թէ այդ քայլը մեծ նշանակութիւն ունի թէ՛ թուրք ժողովուրդի երիտասարդ սերունդներուն պատմական գիտակցութիւն ներարկելու, թէ՛ ալ պետութեան պատմական շարունակականութիւնը եւ «պատուաբեր անցեալը» յիշեցնելու տեսանկիւնէն։
Կարիք կա՞յ յիշեցնելու որ Թալէաթ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած գլխաւոր անձերէն մէկն է:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։