Թուրքիոյ մէջ Ռոսաթոմի կառուցած հիւլէակայանի բացման առթիւ Փութին իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Էրտողանին

Թուրքիոյ մէջ անցեալ շաբաթ բացումը կատարուած է առաջին հիւլէակայանին՝ Աքքույուի, որ կը գտնուի երկրին հարաւը։ Հիւլէակայանը գանձատրած եւ կառուցած է ռուսական Ռոսաթոմ պետական ընկերութեան քոյր ձեռնարկութիւններէն մէկը: Փութին բացման արարողութեան առիթէն օգտուելով՝ իր աջակցութիւնը յայտնած է Էրտողանին, նախագահական բուռն ընտրապայքարի այս օրերուն։

Ուքրաինա ներխուժելէ յետոյ Արեւմուտքի պատիժներուն ենթարկուած Ռուսաստան կրնայ իր յոյսը դնել հիւլէական ուժանիւթի վրայ՝ թէ՛ իր եկամուտի աղբիւրները ընդարձակելու, թէ՛ ալ իր ազդեցութեան գօտին ընդլայնելու համար: Արդարեւ, Աքքույուի հիւլէակայանը Ռուսաստանի սահմաններէն դուրս, Ռոսաթումի կողմէ կառուցուած կամ կառուցուող 36 կայաններէն միայն մէկն է:

Հիւլէակայանի բացման առիթով՝ տեսակապով կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին, Փութին ողջունելով Էրտողանը ու չխնայելով անոր յղուած շռայլ գովասանքները, ըսած է. “Այս մէկը համոզիչ նոր օրինակ մըն է այն ամէն ինչին, որ դուք՝ պարոն նախագահ Էրտողան, կ՚ընէք ձեր երկրին, անոր տնտեսութեան զարգացման, Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներուն համար։ Ես կ՚ուզում ըսել առանց այլեւայլի՝ դուք լաւ գիտէք՝ ինչպէ՛ս սահմանել յաւակնոտ նպատակներ եւ կը ձգտիք վստահօրէն անոնց իրագործման”։

Աջակցութեան այս յստակ ցուցադրումը տեղի կ՚ունենայ այնպիսի պահու մը, երբ Էրտողան կը գտնուի քարոզարշաւի մէջ՝ Մայիս 14-ի կրկնակի՝ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդառաջ:

Հակառակ տարբեր շահերուն, երկու ղեկավարները կը համագործակցին քանի մը հարցերու շուրջ, ինչպէս օրինակ՝ Սուրիոյ: Էրտողան նաեւ այն քիչ առաջնորդներէն է, որ լաւ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Մոսկուայի, թէ՛ ալ Քիեւի հետ՝ հակառակ ուքրաինական պատերազմին:

Փութին յիշեցնելով, որ Մոսկուա մարդասիրական օգնութիւն ղրկած էր աւելի քան 50.000 հոգիի մահուան պատճառ դարձած Թուրքիոյ երկրաշարժէն յետոյ, հաստատած է, որ Ռուսաստան «միշտ պատրաստ է բարեկամական ձեռք մեկնելու»։