«Թրամփի խաղաղութեան ճանապարհը»

Ինչո՞ւ Ալիեւ եւ Փա­շինեան ըն­դունե­ցին մեկ­նիլ Ուա­շինկթըն նա­խաս­տո­րագ­րե­լու խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նա­գիրը, որուն հա­մար ար­դէն եր­կու ապար­դիւն փորձեր եղած էին, մէ­կը Թի­րանա­յի մէջ, Եւ­րո­պական քա­ղաքա­կան հա­մայնքի վեհա­ժողո­վին 16 Մա­յիս 2025-ին, երկրորդն ալ Տու­պա­յի մէջ՝ 10 Յու­լիս 2025-ին, որոնք ձա­խողե­ցան Ալիեւի պար­տադրած նա­խապայ­մաննե­րուն պատ­ճա­ռով։

Փա­շինեանի պա­րագա­յին, յստակ է, 2020-ի պա­տերազ­մին պար­տութե­նէն ետք, Ռու­սաստա­նի խոստմնադ­րժու­թիւնը ճա­շակե­լէ վերջ, ան կը բաղ­ձար խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նա­գիր ստո­րագ­րել երկրի կա­յու­նութիւնն ու անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու նպատակով, որուն հա­մար մշա­կեց Խա­ղաղու­թեան խաչ­մե­րուկ ռազ­մա­վարա­կան ծրա­գիրը։ Երկրա­գունդի ամէնէն հզօր պե­տու­թեան նա­խագա­հին հո­վանա­ւորու­թեամբ հան­դի­պում մը խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տելու հա­մար՝ դրա­կան քայլ է։ Այս առու­մով Հա­յաս­տա­նի դի­ւանա­գիտու­թեան ձեռքբե­րու­մը գնա­հատե­լի է։ ԱՄՆ-ու նա­խագա­հի ներ­կա­յու­թեամբ Ազերպայճա­նի մայր հո­ղամա­սը Նա­խիջե­ւանի միաց­նող ճա­նապար­հը անուանուեցաւ  «Թրամ­փի ու­ղի՝ մի­ջազ­գա­յին խա­ղաղու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման հա­մար»՝ փո­խարէն «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք» յղաց­քին, այն ալ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան, ինք­նիշ­խա­նու­թեան, իրա­ւազօ­րու­թեան եւ փո­խադար­ձութեան պայ­մաննե­րուն մէջ։

Փո­խադար­ձութեան գա­ղափա­րը ցայժմ չէր յիշատակուած ին­քիշխա­նու­թեան կող­քին, ինչ որ կ՚են­թադրէ ապաշրջա­փակում եւ Երաս­խէն Մեղ­րի անցք Նա­խիջե­ւանի մի­ջոցով։ Հա­յաս­տան ձեռք բե­րաւ նաեւ 43 քի­լոմեթր ճա­նապար­հի շի­նու­թեան հա­մար ամե­րիկեան մաս­նա­ւոր ըն­կե­րու­թիւննե­րու մաս­նակցու­թիւնը եւ ԱՄՆ-ու հետ տնտե­սական զար­գացման երկկողմ պայ­մա­նագիր։

Փո­խարէ­նը, Ալիեւի պա­րագա­յին, աւե­լի խոր­քա­յին պատ­ճառ մը պէտք է ըլ­լար, որով­հե­տեւ Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րումը գլխա­ւոր խոչըն­դոտողը Ալիեւ ինք իսկ է, որ ան­դա­դար նոր նա­խապայ­մաններ կը պար­տադրէ Հա­յաս­տա­նին, իր ռազ­մա­կան գե­րա­կա­յու­թեան առա­ւելու­թե­նէն մղուած։ Անդրկով­կա­սի մէջ Ռու­սաստանի ազ­դե­ցու­թեան նուազու­մը զգա­լի էր Ուքրաինայի պա­տերազ­մին բե­րու­մով, որ պատ­ճառ դար­ձաւ նաեւ Ար­ցա­խէն ռուս կա­պոյտ սա­ղար­տա­ւոր­նե­րու մեկնումին։ Նո­յեմ­բեր 9-ի հրա­դադա­րի եռա­կողմ հա­մաձայ­նութեան 9-րդ կէ­տէն հրա­ժարե­լով՝ Ազեր­պայճան վեր­ջա­կէտ կը դնէր տա­րածաշրջա­նին մէջ Ռու­սաստանի ներ­կա­յու­թեան կա­րեւո­րագոյն յե­նակէ­տին։ Աս­կէ մեկ­նած՝ վատ­թա­րացան Ազեր­պայճան-Ռու­սաստան յարա­բե­րու­թիւննե­րը, որմէ ալ պէտք է հե­տեւցնել, որ ա՛յդ է Ազեր­պայճա­նի՝ ԱՄՆ-ու մեր­ձե­նալու գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճա­ռը։ ԱՄՆ-ու կող­մէ Ազեր­պայճա­նին ռազ­մա­կան օգ­նութեան տրա­մադ­րումը կը նա­խան­շէ նաեւ Իս­րա­յէլի դե­րակա­տարու­թիւնը։ Թրամ­փի խա­ղաղու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման ճա­նապար­հի վերահսկումին ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թիւննե­րու յանձնումը Իս­րա­յէլին կ՚ընձեռէ նաեւ սահ­մա­նային այդ հա­տուա­ծին վրայ եւ ան­կէ անդին ալ՝ Նա­խիջե­ւանէն Իրա­նի հիւ­սի­սը հե­ռավար վե­րահսկելու կա­րելիու­թիւն։

Նա­խագահ Թրամ­փի հա­մար Փա­շինեանի ու Ալիեւի հետ լու­սանկար մը ձեռք բե­րելը անհրա­ժեշտ էր իրեն կողմնա­կից ընտրա­զան­գուածին, խա­ղաղա­պաշ­տի իր վար­կը բարձրաց­նե­լու հա­մար։ Իսկ զայն Խա­ղաղու­թեան նո­պէլեան մրցա­նակի թեկ­նա­ծու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու Ալիեւ-Փա­շինեան հա­մատեղ յայ­տա­րարու­թիւնը Թրամ­փի ես-ը շո­յող քայլ է, թէեւ այն ինչ որ ստո­րագ­րուեցաւ Ու­աշինկթընի մէջ նա­խաս­տորագրու­թիւն մըն է, գործնա­կա­ն առումով ոչ մէկ ազդեցութիւն ու­նե­ցող։

Թուրքիա ուա­շինկթընեան բե­մագ­րու­թեան մէջ վա­րագոյ­րի ետին գոր­ծող կա­րեւոր դե­րակա­տար էր, որուն հա­մար Թրամ­փի ճա­նապար­հը հա­մաթու­րա­նական երա­զին իրա­կանա­ցու­մը կը նա­խան­շէ։ Եթէ Թուրքիա բա­նայ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նը, կը նշա­նակէ թէ Թրամ­փի մի­ջամ­տութիւ­նը օգ­տա­կար էր Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան խա­ղաղու­թեան դա­շինք կնքե­լու ճա­նա­պար­հին։

Կը մնայ սպա­­սել թէ Ռու­­սաստան եւ Իրան պաշ­­տօ­­­նական յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րէն ան­­դին գործնա­­կանին մէջ ինչպէ՞ս պի­­տի հա­­կազ­­դեն ամե­­րիկեան այս անսպա­­սելի ներ­­թա­­­փան­­ցման։ Հա­յաս­տա­նի պե­տական շա­հը կը պա­հան­ջէ մի­ջազ­գա­յին դե­րակա­տար­նե­րու հա­ւասա­րակշռո­ւած ներ­կա­յու­թեան ապա­հովու­մը տա­րածաշրջա­նին մէջ։ Թրամ­փի ճա­նապար­հին դի­մաց Հա­յաս­տան պէտք է ռազ­մա­վարա­կան ամուր երաշ­խիքներ տայ Իրա­նին եւ Ռու­սաստանին, յատ­կա­պէս Հա­րաւ-Հիւ­սիս ճա­նապար­հի ան­խա­փան գոր­ծու­­նէութեամբ։

Ժ.Չ. ■