Թրքական զրահապատ կառքեր Սուրիա մտած են

Թրքական մամուլի լուրերուն համաձայն՝ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն պատկանող զրահապատ կառքերէ կազմուած շարասիւնը Դեկտեմբեր 9-ին մուտք գործած է Սուրիա եւ Աֆրին, Ռասուլայն եւ Հալէպ քաղաքներու հիւսիսային գիծէն կ՚ուղղուէր դէպի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Մանպիճ քաղաքը։

Կը նշուի, որ թրքական Զինուած ուժերը Սուրիոյ տարածք մտած են գիշերային ժամերուն՝ Պաղեստինի Տէյր Պալուտ եւ Ատվանիյահ սահմանային անցակետերէն։ Նոյն աղբիւրները կը գրեն նաեւ որ այդ հատուածին մէջ կը նկատուի ռազմական գործողութեան շարժ, սակայն գործողութեան օրը դեռ յայտնի չէ։

Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն՝ ռազմական տեղաշարժը ուղղուած է թուրքերու «ահաբեկչական» յորջորջած եւ մեծամասնութեամբ Քիւրտերէ բաղկացած ծանօթ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»-ուն (FDS) դէմ եւ կը կրէ վերջիններուս յղուած «զիջում չկայ» պատգամը։ Կ՚աւելցուի նաեւ, որ զրահապատ կառքերուն ուղեկցած են անօդաչու սարքեր։