Թրքական ազգային օդային ընկերութիւնը՝ «Թրքիշ Էռլայնզ» (THY) Սեպտեմբեր 30-ին յայտարարած է, որ նոր կանոնաւոր թռիչքներ պիտի հաստատէ դէպի Ռումանիոյ Թիմիշոարա եւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան:
Ընկերութեան վարչութեան այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի որ որոշումը կայացուած է նկատի ունենալով կարելիութիւններն ու շուկայի պայմանները:
Այս «սակաւախօս» հաղորդագրութեան մէջ սակայն ո՛չ նշուած է, թէ խնդրոյ առարկայ թռիչքները Թուրքիոյ ո՞ր քաղաքէն կամ քաղաքներէն նախատեսուած են, ո՛չ ալ յիշատակում կայ որեւէ թուականի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։