Ազէրպայճան ալ դիւանագիտական բարոյագիտութիւնը խախտելու յանցանքով կը մեղադրէ ֆրանսացի նախարարը
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան «ձևով և էութեամբ անընդունելի» անուանած է Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի արտայայտութիւնները՝ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Վալերի Փէքրէսի հասցէին։
Լը Տրիան՝ պատասխանելով Ազգային ժողովին մէջ երեսփոխաններու հարցումներուն, յայտարարած է, թէ իր գերատեսչութիւնը անընդունելի կը նկատէ ազէրպայճանական կողմին յայտարարութիւնները Փէքրէսի հասցէին՝ Արցախ վերջինիս այցէն ետք, սակայն կ՚ակնկալէ, որ այսուհետեւ ֆրանսացի խորհրդարանականներն ու պաշտօնեաները կը տեղեկացնեն իշխանութիւնները իրենց այցելութիւններուն մասին։
Ֆրանսացի դիւանագէտը նաեւ յայտնած է, թէ ինք այս հարցին կապակցութեամբ տեղեակ պահած է Փարիզի մէջ Ազէրպայճանի դեսպանը։ Լը Տրիան վերահաստատած է իր երկրին զօրակցութիւնը՝ Հայաստանին։
Հակառակ Փեքրէսի յղուած սպառնալիքներուն ծանրակշիռ բնոյթին համեմատած՝ Լը Տրիանի այս բաւական գաղջ յայտարարութիւններուն, Պաքու անմիջապէս հակազդած է։ Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլաևա Յունուար 18-ին զայն մեղադրած է դիւանագիտական բարոյագիտութիւնը խախտելու յանցանքով։
“Ինչ կը վերաբերի անձամբ Փեքրէսին եւ Ղարաբաղ անոր այցելութեան, ապա Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուի կարգավիճակը ենթակային իրաւունք չի տար վեր կանգնիլ Ազէրպայճանի օրէնքներէն”,– պնդած է Պաքուի բանբերը, աւելցնելով. “Երբ օտար պետութիւններու քաղաքացիներ ապօրինաբար կ՚այցելեն Ազէրպայճանի տարածք, անոնց նկատմամբ միջոցներու կը ձեռնարկուին՝ նախատեսուած վարչական և քրէական օրէնքներով”: