Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԺԸՆԵՒ – Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց իրավիճակին մասին զեկոյցի ներկայացումը՝ ՄԱԿ-ին

ՄԱԿ-ի Համընդհանուր պարբերական դիտարկման (ՀՊԴ) աշխատանքային խումբի 49-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ Մայիս 1-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 4-րդ շրջանի ազգային զեկոյցի քննարկումը: Զեկոյցը կ’անդրադառնայ վերջին չորսուկէս տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց առնչուող զարգացումներուն, խնդիրներուն եւ հեռանկարներուն: Զեկոյցի նախապատրաստութեան աշխատանքները համակարգած է Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ բոլոր շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ներգրաւումով։ Տեղի ունեցած են զեկոյցի հանրային քննարկումներ:

(…)

ՀՊԴ-ի նստաշրջանին, Հայաստանի պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է մանրամասն հաշուետւութիւն նախորդ շրջանի դիտարկման ընթացքին Հայաստանին տրուած յանձնարարականներու իրականացման շուրջ:

Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Ռոբերտ Աբիսողոմոնեան իր բացման խօսքին մէջ ներկայացուցած է վերջին տարիներու տնտեսական, ընկերային, մշակութային, քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու իրականացման շուրջ Հայաստանի մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը: Ան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է հաշուետու ժամանակաշրջանին Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ներառեալ՝ Արցախէն 115.000 բռնի տեղահանուածներու խնդիրներուն, Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու եւ պատանդ առնուած քաղաքացիական անձերու ազատ արձակման, անհետացածներու ճակատագրերու պարզաբանման խնդիրներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ շրջանի Համընդհանուր պարբերական դիտարկման զեկոյցի քննարկումը մեծ հետաքրքրութեան արժանացած է միջազգային հանրութեան կողմէ: Ելոյթներով հանդէս եկած են շուրջ 100 անդամ-պետութիւններու ներկայացուցիչներ՝ յատկապէս ընդգծելով վերջին տարիներուն մարդկային իրաւանց բնագաւառին մէջ Հայաստանի արձանագրած յառաջդիմութիւնը, այդ կարգին՝ իրականացուած օրէնսդրական եւ համակարգային բնոյթի բարեփոխումները: