ԺԸՆԵՒ – նախարար Միրզոյեանի ելոյթը՝ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին

«Ազերպայճանի մէջ կեղծ դատավարութիւններ կ՚ընթանան 23 հայ անձերու նկատմամբ»

Փետրուար 24-ին, Ժընեւի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին ունեցած իր ելոյթին Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեան յատկապէս ընդգծած է.

“Մեր արեւելեան դրացիէն հնչող յայտարարութիւնները կը շարունակեն կասկածի տակ դնել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ հակառակ մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումին՝ հիմնուած 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրին վրայ”։

Նախարարը դիտել տուած է, թէ Հայաստանի առջեւ ծառացած այն մարտահրաւէրները, որոնց մասին ինք խօսած է անցեալ տարուան իր ելոյթին մէջ, անոնց մեծ մասը տակաւին կը մնայ չլուծուած՝ հակառակ գործադրուած հսկայական ճիգերուն։

Միրզոյեան անդրադարձած է Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ Պաքուի կեղծ դատավարութիւններուն։

“Սա պահուս Ազերպայճանի մէջ կ՚ընթանան կամայականօրէն ազատազրկուած 23 հայ անձերու նկատմամբ կեղծ դատավարութիւններ, ներառեալ՝ պատշաճ դատավարութեան համար մարդկային իրաւանց անհրաժեշտ չափանիշերու անտեսումով”,– ըսած է ան։

Արարատ Միրզոյեանի համաձայն՝ մէկ տարի առաջ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերու բարձր յանձնակատարը տեղեկացուց այս Խորհուրդին, որ իր գրասենեակը երկու առաքելութիւն գործուղած է Հայաստան՝ աւելի քան 115.000 հայերու կացութեան մասին տեղեկութիւն հաւաքագրելու նպատակով. “Մենք համոզուած ենք, որ այդ առաքելութեան արդիւնքները կարեւոր ներդրում պիտի ըլլան հաշտեցման ճիգերը յառաջ մղելու աշխատանքներուն մէջ”։

“Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հաւատարիմ մնալով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման իր օրակարգին, քանի մը կառուցողական առաջարկներ ըրած է ազերպայճանական կողմին։ Մենք համոզուած ենք, որ երկու կողմերու շինիչ արձագանգը, հետագայ ներգրաւուածութիւնը եւ քաղաքական կամքի դրսեւորումը մեծապէս պիտի նպաստեն տարածաշրջանին մէջ բանալու նոր դարաշրջան մը։ Ճիշդ այս համածիրին մէջ կը փափաքիմ անգամ մը եւս վերահաստատել հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ դարձնելու թշնամանքի էջը, խաղաղութեան հասնելու համար։ Մենք ոչ միայն պատրաստ ենք ատոր, այլեւ պիտի չշեղինք այդ ուղիէն”,– շեշտած է ԱԳ նախարարը։

Ըստ Միրզոյեանի՝ այսօր, երբ աշխարհ կը շարունակէ դառնալ թատերաբեմ դաժան հակամարտութիւններու, բռնի տեղահանութեան եւ հիմնական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու հետեւանքներուն, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մարդկային իրաւանց յենասիւնը ամրապնդելու հրամայականը աւելի քան երբեք այժմէական է:

“Առ այդ մարդկային իրաւանց յենասիւնը կը շարունակէ մնալ յոյսի եւ արդարութեան ոգեշնչման աղբիւր միլիոնաւոր մարդոց եւ մեր քաղաքացիներուն համար”,– յայտարարած է Արարատ Միրզոյեան։

ՄիրզոյեանԱրաղչի հանդիպումը

Նոյն օրը, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի վեհաժողովի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Իրանի ԱԳ նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Սեյետ Ապպաս Արաղչի։

Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր։ Վերահաստատուած է երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան շարունակական զարգացման ուղղութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկելու պատրաստակամութիւնը:

Միրզոյեան եւ  Արաղչի տեսակէտներ փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ, անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն եւ մնայուն խաղաղութիւն ապահովելու ուղղուած ջանքերուն:

Հանդիպում Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի նախագահին հետ

Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի նախագահ Միրիանա Սփոլիարիչ Էկերի հետ։

Կողմերը քննարկած են մարդասիրական բնոյթի հարցեր։ Նախարար Միրզոյեան անդրադարձած է Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու եւ պատանդ առնուած քաղաքացիական անձերու ազատ արձակման հարցին, ընթացող կեղծ դատավարութիւններուն՝ մտահոգութիւն յայտնելով նշեալ անձերու առողջական վիճակին, անոնց վրայ ազդեցութիւն գործելու հաւանականութեան առնչութեամբ։

Օրակարգային այլ հարցերու շարքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ անհետացածներու ճակատագրի պարզաբանման ուղղութեամբ գործադրուող եւ անհրաժեշտ լրացուցիչ ջանքերուն։ Միրզոյեան ընդգծած է խնդիրը հասցէագրելու առումով Հայաստանի պատրաստակամութիւնն ու քայլերը՝ նկատի առնելով անհետացածներու ընտանիքներու անդամներուն համար հարցի զգայնութիւնը։

ԱԳ նախարարը յայտնած է, թէ մարդասիրական բնոյթի հարցերու լուծումը կրնայ կարեւոր գործօն հանդիսանալ կայուն խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին մէջ։