Իրենց խիստ անձնական բնոյթով առնուազն խնդրայարոյց տեսանիւթերու համացանցի վրայ յայտնուելէն ետք՝ վերջին օրերուն Մայր Աթոռին ուղղուած սլաքներուն գլխաւոր թիրախը դարձած՝ դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան Factor TV-ի հարցումին, թէ արդեօք խախտա՞ծ է կուսակրօնութեան ուխտը, պատասխանած է, որ այդ հարցը «դուրս կ՚ելլէ բարեկրթութեան սահմաններէն»։
“Դուք ուղղակի կը մտնէք իմ անձնական յարաբերութիւններու դաշտը։ Ոեւէ մէկուն անդրորովայնային (մէջքէն վար — «ՆՅ») յարաբերութիւնները չեն վերաբերիր ուրիշ ոեւէ մէկուն։ Իսկ իշխանութիւնները կամ ոեւէ այլ անձ, երբ որ անդրորովայնային տրամաբանութեամբ կը շարժի, կը նշանակէ, որ իրենց հետաքրքրութիւնները բացառապէս այդ ոլորտին կը վերաբերին։ Մինչդեռ այդ բացարձակապէս չի մտներ իշխանութիւններու եւ սովորական անձերու իրաւասութեանց մէջ”, – նշած է արքեպիսկոպոսը։ ■