Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքը ընդարձակ վերլուծութեամբ անդրադարձած է Արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին առնչուող այն 13 փաստաթուղթերուն, որոնք հրապարակուած են Դեկտեմբեր 2-ին։
Ըստ վերլուծութեան, հրապարակուած թղթածրարը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցած են առասպելներ, որոնք ձեւաւորուած էին Արցախեան շարժումով իշխանութեան հասած քաղաքական վերնախաւին կողմէ՝ արդարացնելու իրենց իշխանութիւնը։ Այս առասպելները դարձած էին մտածողութիւն, իսկ հակառակ կարծիքը՝ դաւաճանութիւն։
Վերլուծութիւնը կը շեշտէ, որ Արցախեան հակամարտութիւնը միջազգային խնդիր էր եւ միջազգային ընկալումը հակոտնեայ եղած է հայկական կողմի պատկերացումներուն։ Բանակցութիւնները երբեք չեն եղած Արցախի անկախութեան կամ Հայաստանին միացման շուրջ։ Հիմնական նիւթը եղած է 7 շրջաններու վերադարձը Ազերպայճանին, իսկ Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուէր բացառապէս Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան ծիրէն ներս։ 1996-ի Լիզպոնի վեհաժողովը յստակօրէն սահմանած է «ինքնակառավարում Ազերպայճանի կազմին մէջ»։
Կառավարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ հողային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ ինքնորոշման իրաւունքը միաժամանակ սեղանին վրայ ունենալը կը նշանակէր, որ առանց Ազերպայճանի համաձայնութեան կարգավիճակ չէր կրնար որոշուիլ։ Յայտարարուած հանրաքուէի գաղափարը ձեւակերպուած էր այնպէս, որ Ազերպայճան հիմք ունենար պնդելու, թէ ատոր պէտք է մասնակցին Ազերպայճանի բոլո՛ր քաղաքացիները, ոչ թէ միայն արցախցիները։
Հրապարակուած փաստաթուղթերէն ամէնէն ուշագրաւը Սերժ Սարգսեանի նամակն է Վլատիմիր Փութինին (2016 Օգոստոս 5-ին), ուր ան կը գնահատէ իրավիճակը։ Սարգսեան կը նշէ, որ պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը մեծ է, սպառազինութեան հաւասարակշռութիւնը խախտուած է, իսկ Ազերպայճան յանձնառութիւն չի ստանձներ կարգավիճակի հարցով։ Նամակը ցոյց կու տայ, որ Սարգսեան հասկցած էր, թէ անել վիճակի մէջ է եւ պատերազմը անխուսափելի է։
Որպէս եզրակացութիւն՝ կառավարութեան վերլուծութիւնը կ՚եզրափակէ, որ 2018-էն ետք Նիկոլ Փաշինեանի դէմ հնչած «հող յանձնելու» մեղադրանքները Սերժ Սարգսեանի խումբին կողմէ նպատակ ունէին քօղարկելու այն իրողութիւնը, որ պատերազմը եւ անոր ելքը կանխատեսելի էին իրենց իշխանութեան օրով իսկ։ Բանակցային գործընթացը փաստացի հասած էր 1991-ի սկսման կէտին՝ օրինականութենէ զրկելով նոյնիսկ Արցախի անկախութեան հանրաքուէն։
Արցախեան բանակցային թղթածրարին հրապարակումը քաղաքական սուր բանավէճ հրահրած է իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։ Հրապարակումէն անմիջապէս ետք ընդդիմադիրները սկսած են հակազդել։
Հրապարակուած փաստաթուղթերուն մէջ է Մինսքի խումբի համանախագահներուն 2019 Յունիսի այն առաջարկը, որ արդէն փոխադարձ մեղադրանքներու նիւթ դարձած է միշտ, ներկայի ու նախկին երեք իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Հայ Ազգային Կոնգրէսի (ՀԱԿ) փոխնախագահ Լեւոն Զուրաբեան ակնարկելով վերեւ նշուած 2019-ի փաստաթուղթին՝ յայտարարած է, որ իրենց պնդումները հաստատուած են. եթէ հրապարակուած փաստաթուղթը ընդունուէր, կ՚ըլլար խաղաղութիւն, ապաշրջափակում, փաստացի անկախ Արցախ։ Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գաղափարակիցը, սակայն, կրկին կը բարձրացնէ այս առաջարկին Երեւանի պատասխանը հրապարակելու անհրաժեշտութիւնը, որ հրապարակուածներուն մէջ չկայ։
“Կայ երկու հնարաւոր բացատրութիւն. 1) Փաշինեան կը թաքցնէ ՀՀ պաշտօնական պատասխանը, ինչ որ աւելի՛ կը ծանրացնէ մեր մեղադրանքը, 2) Պաշտօնական պատասխան չէ եղած, ինչ որ աւելի սարսափելի իրողութիւն կը բացայայտէ, որ Փաշինեան ուղղակի անտեսած է Մինսքի խումբին առաջարկը՝ փաստօրէն, մերժելով բանակցութիւնները եւ բանալով կործանարար պատերազմի դուռը”,– նշած է Զուրաբեան։
Փաշինեան միայն տարեսկիզբին խոստովանած է 2019-ի բանակցային առաջարկին գոյութիւնը, մինչդեռ պատերազմէն առաջ՝ 2019 Դեկտեմբերին, հակառակը պնդած էր։
Մինչ 2022-ին Արցախը Ազերպայճանի կազմին մէջ ճանչցած Փաշինեան կը պնդէր, թէ 1994-էն բանակցային գործընթացը եղած է Արցախը Ազերպայճանի կազմ վերադարձնելու մասին, նախկին նախագահներն ու անոնց գաղափարակիցները Մինսքի համանախագահներու վերջին՝ 2019-ի առաջարկը դրական, ընդունելի կ՚որակէին՝ պնդելով, թէ կարելի էր պահպանել Արցախը։ Իսկ չհրապարակելը կը բացատրէին անով, թէ Փաշինեան իր ձախողումները կը պարտկէ։
Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած ՀՀԿ-ի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան ալ հեռատեսիլէն ուղղակի հաղորդման ընթացքին սուտ որակած է իշխանութեան պնդումը, իսկ 2019-ի առաջարկը՝ երանելի։
“Արցախեան բանակցութիւններուն վերաբերող փաթեթի հրապարակումով Նիկոլ Փաշինեան կնքեց իր քաղաքական ամենամեծ ձախողումներէն մէկը, եւ կատարուեցաւ այն, ինչ բոլորս շատոնց գիտէինք՝ ան իր ճակատին վերջնականապէս դաջեց Արցախը յանձնողի անպատիւ խարանը։ «Կ՚ամրագրուէր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման հնարաւորութիւնը»… յստակ կ՚երեւի, որ Նիկոլն է գրած։ Ուրեմն, կայքին վրայ անմիջապէս այս թուղթերու հրապարակումէն ետք դրուած է յօդուած, ուր Նիկոլը կը ստէ. ի՞նչ կ՚ըսէ. կ՚ըսէ՝ Լիզպոնի վեհաժողով՝ 96 թուական. 96 թուականը, Լիզպոնի վեհաժողովի բանաձեւը ի՞նչ կապ ունին 2018-ին Սերժի ձգած ժառանգութեան եւ 19-ին տրուած փաստաթուղթին հետ։ Ո՛չ մէկ կապ։ Ան անցեալի փուլի թուղթ է։ 96 թուականի իր մէջբերած թուղթը ո՛չ մէկուն հոգը չէ եղած, Մինսքի խումբին հոգը չէ՛ եղած, ոչ մէկուն պէտք չէ եղած այդ թուղթը, որովհետեւ որեւէ առաջարկութեան մէջ չկայ յղում ԵԱՀԿ-ի շրջանակին մէջ 96 թուականի Լիզպոնի վեհաժողովին”, – ըսած է Աշոտեան։
Մինչ ընդդիմադիրները 2019-ի առաջարկին վրայ կեդրոնացած են, իշխանականները Մեղրիի ու Արցախի փոխանակման 1999-ի ծրագիրէն մէջբերումներ կ՚ընեն՝ մեկնաբանելով, թէ ժողովուրդի թիկունքին Քոչարեանի իշխանութիւնը կը բանակցէր Մեղրին տալու ու ազերիներով բնակեցնելու շուրջ։
Ասոր արձագանգած է երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Բագրատ Միկոյեան՝ յայտարարելով, որ փաստաթուղթերուն մէջ նորութիւն չկայ, իսկ իրեն համար ամենացնցողը այն էր, որ փաստաթուղթի անուան տակ հրապարակուած է «Հայկական Ժամանակ»-ի՝ երբեք չբանակցուած փաստաթուղթի մասին յօդուածը։ Ան նաեւ նկատած է, որ հրապարակուած ցանկէն կը բացակայի Քոչարեանի բանակցած Քի Ուեսթի փաստաթուղթը։
Ըստ Միքոյեանի՝ 2019-ի Մինսքի խումբի առաջարկը մերժելով՝ Փաշինեան պատերազմ բերած է։
Նշենք, որ բանակցային փաստաթուղթերու այս հրապարակումը անմիջապէս կը յաջորդէ երեք տասնամեակէ աւելի արցախեան կարգաւորմամբ զբաղած Մինսքի խումբի պաշտօնական ու վերջնական կազմալուծման։ ■