Իլոն Մասք կը կանխատեսէ խելախօսներու եւ յաւելուածներու վախճանը՝ յառաջիկայ 6 տարուան ընթացքին
Իլոն Մասք կը պնդէ, որ վեց տարիէն կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ մեր բջջային յաւելուածներն (apps) ու նոյնիսկ խելախօսները (smartphones) այլեւս գոյութիւն պիտի չունենան։
Վերջին հարցազրոյցի մը ընթացքին ան բացատրած է, թէ մենք կ՚ուղղուինք դէպի աշխարհ մը, որ անդին պիտի անցնի պաստառներէն, յաւելուածներէն եւ գործառնական համակարգերէն (operating systems)։ Այդ աշխարհին մէջ արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) ոչ թէ պարզապէս պիտի աշխատի մեր հեռաձայններուն վրայ, այլ ամբողջութեամբ պիտի փոխարինէ զանոնք։
Երեւակայեցէ՛ք՝ այլեւս «iOS» չկայ, «Android» չկայ, յաւելուածներ ալ չկան։
Մասք կը պատկերացնէ «չիփ» մը եւ այնքան փոքր, որ կարելի ըլլայ զետեղել ականջին մէջ, դնել ձեռքին վրայ կամ նոյնիսկ կապել ուղեղին։ Այլեւս պէտք պիտի չըլլայ դպչիլ պաստառին, բաւական է պարզապէս մտածել, եւ արհեստական բանականութիւնը պիտի կատարէ մնացեալը։
Մասք սա կը կոչէ «Զերօ միջերեսի (interface) դարաշրջան»՝ ժամանակաշրջան մը, երբ մարդիկ այլեւս չեն օգտագործեր արհեստագիտութիւնը, այլ կը միաձուլուին անոր հետ։ Եւ ասոնք պարզապէս խօսքեր չեն. Մասքին պատկանող «Neuralink» ընկերութիւնը արդէն իսկ զարգացուցած է սարքեր, որոնք կրնան միտքերը վերածել համակարգչային հրահանգներու։