«Իմ Քայլը» հիմնարկը կը հերքէ ազերպայճանական SOCAR-ի միջոցով 1,5 միլիոն տոլարի նուիրատւութիւն ստանալու լուրերը

«Իմ Քայլը» հիմնարկը հերքած է ռուսական թելեկրամեան հարթակներու վրայ տարածուող այն տեղեկութիւնը, թէ իբր հիմնարկը 1,5 միլիոն տոլարի նուիրատւութիւն ստացած է ազերպայճանական SOCAR նաւթակազային ընկերութեան միջոցով։

«Իմ Քայլը» հիմնարկը այս մասին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Ի պատասխան ռուսական թելեկրամեան հարթակներու վրայ տարածուած հրապարակումներուն՝ կը յայտարարենք, որ Հիմնարկը երբեք ազերպայճանական կամ որեւէ օտարերկրեայ կասկածելի աղբիւրէ դրամական աջակցութիւն կամ նուիրատւութիւն չէ ստացած եւ չէ եղած որեւէ տեսակի գործարքի մէջ։ Նման պնդումները անհիմն են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան։

Հաշուետւութիւնները բաց են հանրութեան, եւ իւրաքանչիւր փափաքող կրնայ ծանօթանալ թէ՛ տարեկան նուիրատւութիւններու, թէ՛ դրամական շարժերու վերաբերեալ տեղեկատւութեան։ Այդ հաշուետւութիւններուն կարելի է ծանօթանալ Հիմնարկի պաշտօնական կայքին վրայ՝ https://mystep.foundation/hy/reports/ ։ Աւելին՝ Հիմնարկը ամէն տարի կ՚անցնի անկախ ստուգումէ (աուտիթէ)։

Հիմնարկը նուիրատւութիւնները կ՚ընդունի միջազգայնօրէն ընդունուած բաց եւ թափանցիկ մեքենականութիւններով՝ (https://mystep.foundation/hy/donors/)։ Անոնց հրապարակումը կ՚իրականացուի հաստատուած ընթացակարգերու շրջանակին մէջ՝ յարգելով այն նուիրատուներուն իրաւունքները, որոնք կը նախընտրեն գաղտնի մնալ։

Նման գաղտնապահութեան պահպանումը լիովին օրինական եւ տարածուած գործելակերպ է բարեսիրական հիմնարկներու գործելաոճին մէջ եւ առհասարակ մարդասիրութեան ոլորտին մէջ։

Հիմնարկը կայքին վրայ կը տեղադրէ տարեկան դրամական եւ բովանդակային հաշուետւութիւններ։

Իմ Քայլըհիմնարկը երբեք չէ իրականացուցած որեւէ տեսակի գործարք, որ կրնար խախտել իր գործունէութեան թափանցիկութեան եւ արժանահաւատութեան սկզբունքները։

Տարածուած հրապարակումները՝ ազերպայճանական աղբիւրներէ փոխանցումներ ստանալու նիւթով, ամբողջութեամբ ապատեղեկատուութիւն են»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ռուսական թելեկրամեան հարթակներու վրայ շրջող տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իմ Քայլը» հիմնարկը իբրեւ թէ 1,5 միլիոն ամերիկեան տոլարի նուիրատւութիւն ստացած է եւրոպական ընկերութիւններու միջոցով, իսկ վերջնական ուղարկողը եղած է ազերպայճանական SOCAR նաւթակազային ընկերութիւնը։