Ինչո՞ւ դառնալ գիտնական եւ ինչպէ՞ս գիտութիւնը կը ծառայէ պետութեան զարգացման

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, Սեպտեմբեր 30-էն Հոկտեմբեր 5 տեղի կ՚ունենար «Գիտութեան շաբաթ. Հայաստան» ամէնամեայ ձեռնարկը, որուն այս տարուան նպատակն էր ընդգծել պետութեան զարգացման մէջ գիտութեան ունեցած կարեւոր դերը։ «Զարգացնել գիտութեամբ» խորագրին տակ, կազմակերպիչները կը ձգտէին հանրութեան ցոյց տալու, թէ երկրի մարտահրաւէրներուն դիմաց գիտական միտքը եւ մարդկային «դրամագլուխը»՝ մարդուժը որքա՛ն կարեւոր են։

Ձեռնարկը վայելած է մեծ մասնակցութիւն, յատկապէս երիտասարդներու եւ աշակերտներու, որոնք համալսարաններու եւ ընկերութիւններու տաղաւարներուն մէջ առիթը կ՚ունենան անմիջականօրէն շփուելու գիտնականներու հետ։

Շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած են մասնագիտական կողմնորոշման նուիրուած օրեր՝ երիտասարդները քաջալերելու համար դառնալու գիտնական եւ ճարտարագէտ։ Օրեր յատկացուած են նաեւ գիտաֆանթասթիք գրականութեան եւ զանազան բնաբաններով այլ քննարկումներու։