Հ․Մ․Ը․Մ.-Ֆրանսի Մեկուսի Վարչութիւնը եւ մարզական համալիրի կառուցման «Իմաստուններու յանձնախումբ»-ը կը տեղեկացնեն, որ տարիներու աշխատանքի շնորհիւ՝ Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ին Փարիզի արուարձաններէն Իսի-լէ-Մուլինոյի մէջ հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի Հ․Մ․Ը․Մ․-Ֆրանսի նորակերտ մարզական համալիրին։
Մարզական համալիրը կը բաղկանայ պասքեթպոլի դաշտէ, ժողովասրահներէ, դասարաններէ, ճաշարանէ, 400 հոգինոց սրահէ եւ տարբեր խաղավայրերէ։
Քաղաքապետ Պրն Անտրէ Սանթինիի հետ կնքուած պայմանագրին համաձայն՝ համալիրը Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի վարչութեան կը տրամադրուի 99 տարուան համար։
Մարզահամալիրը կ՚իրականանայ երկար տարիներու դիմումներէ, բանակցութիւններէ եւ անխոնջ աշխատանքէ ետք։ Իրագործուած մեծ ծրագիրը պիտի ծառայէ ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու ֆիզիքական առողջ դաստիարակութեան եւ հայեցի մթնոլորտով կազմաւորման։
Մարզահամալիրին իրագործման համար իրենց մեծ ներդրումը ունեցան Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետ Պրն Անտրէ Սանթինի, քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ Հ․Մ․Ը․Մ․-Ֆրանսի առաքելութեան հաւատացող երկար տարիներու անհատ նուիրատուները։
Հ․Մ․Ը․Մ․-Ֆրանսի յաջորդական վարչութիւնները եւ անդամները Հ.Մ․Ը․Մ․-ական դաստիարակութեամբ զինուած՝ իրականութիւն դարձուցին տարիներու երազը՝ յաջորդ սերունդներուն հայապահպանութեան տեսլականով եւ «Բարձրացի՛ր-բարձրացու՛ր» նշանաբանին հետեւողականութեամբ։
Կեցցե՛ն «նահատակ ցեղի անմահները»։
Կեցցէ՛ Հ․Մ․Ը․Մ․ը։
Փարիզ, 4 Սեպտեմբեր 2025
Հ․Մ․Ը․Մ․-ՖՐԱՆՍԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ
ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ « ԻՄԱՍՏՈՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ»
Տեսանիւթը կարելի է դիտել հետեւեալ կապով.
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։