Փետրուար 19-ին, Իտալիոյ Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին աջակցութեան բանաձեւ մը։
Իշխանութեան եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու բոլոր խմբակցութիւններու 73 ծերակուտականներուն կողմէ առաջարկուած բանաձեւը յատկապէս Իտալիոյ կառավարութեան կը թելադրէ խթանել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին ուղղուած դիւանագիտական գործողութիւնները, երկու երկիրներուն յորդորելով ապագային հրաժարիլ ուժի կիրարկումէն, հաստատել խաղաղ, կառուցողական և թափանցիկ դիւանագիտական երկխօսութիւն։
Նշենք, թէ աշխատանքային այցով Իտալիա գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նոյն օրը հանդիպում ունեցած է խորհրդարանին մէջ Իտալիա-Հայաստան բարեկամական խումբի անդամներուն հետ։
Քննարկուած են տարածաշրջանային զարգացումներուն, Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու հայրենադարձութեան եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։