ԻՏԱԼԻԱ – Լոյս տեսած է «Հայկական հին աւանդութիւններն ու առասպելները» գիրքը

Իտալիոյ մէջ հրատարակուած է «Հայկական հին աւանդութիւններն ու առասպելները» գիրքը։ Գիրքի հեղինակ, լրագրող եւ գրող Լեթիցիա Լէոնարտի նախաբանին մէջ գրած է. «Աշխարհը յաճախ մոռցած է Հայաստանը, բայց Հայաստան ըսելիք ունի աշխարհին։ Հայ ժողովուրդը՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը, վերապրած է ցեղասպանութիւնը, բայց միշտ հարուստ եղած է մշակոյթով ու հանճարներով»: 

Հատորը մանրամասնօրէն կը պատմէ հայկական սովորութիւններու, առասպելներու, աւանդազրոյցներու մասին, որոնք արմատացած են հեթանոսութեան շրջանին եւ միաձուլուած քրիստոնէութեան հետ: