Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՏԱԼԻԱ – Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երեկոյթը

Ապրիլ 6-ին, Թրեվինեանօ Ռոմանոյի (Trevignano Romano) քաղաքապետութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նուիրուած երեկոյթ մը: Ելոյթ ունեցած են քաղաքապետ Գլաուտիա Մաչիուքի, փոխքաղաքապետ Լուքա Կալլոնի եւ Իտալիոյ մէջ դեսպանութեան խորհրդական Մարիեթա Ստեփանեան։ Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է Թրեվինեանօ Ռոմանօ քաղաքին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ  Ցեղասպանութեան «Յիշատակի օր» հաստատող բանաձեւ ընդունելուն համար:

Ձեռնարկին ներկայացուած է Սոնիա Օրֆալեանի «Երիտասարդ հայերու այբուբեն» գիրքը, որ կ՚ընդգրկէ հեղինակի ընտանիքի անդամներուն պատումները՝ Ցեղասպանութեան օրերուն:

Այնուհետեւ դաշնակահար Հայկ Մելիքեանի կատարումներով հնչած են Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Յարութիւն Տէլլալեանի, Էլէն Եոլչեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի, Արթուր Աքշէլեանի եւ Վարդան Աճէմեանի գործերը:

Աւարտին ցուցադրուած է բեմադիր Մայքըլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» ֆիլմը: