Մարտ 24-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան Ս. Թադէի վանքի իր խուցին մէջ ընդունած է Չալդրանի կուսակալ Մոհամմատ Ռեզայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Կուսակալը իր խոր գնահատանքը յայտնած է Սրբազան հօր եւ թեմական խորհուրդին, որոնք միշտ աչալուրջ են Ս. Թադէի վանքի խնամքին եւ իրենց յաճախակի հոգածու այցելութեամբ կը հետեւին ամէնօրեայ աշխատանքներուն:
Յայտնենք, թէ Իրանի նոր տարուան առիթով, հազարաւոր զբօսաշրջիկներ այցելած էին Ս. Թադէ, ինչպէս նաեւ Ատրպատականի հայոց թեմի միւս վանքերը՝ Ծործորի Ս. Աստուածածին վանքը, Ջուղայի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը, որոնք տեղական բոլոր վայրերէն աւելի այցելուներ կ՚ունենան:
Հանդիպման հիմնական նիւթերէն գլխաւորը հանդիսացած է Ս. Թադէի վանքի եռօրեայ ուխտագնացութիւնը: Հարկ է նշել, թէ Չալդրանի կուսակալութիւնը, Ատրպատականի արեւմտեան նահանգապետի հովանաւորութեամբ, ամէն տարի սոյն ուխտագնացութեան առիթով գործնապէս կ՚աջակցի թեմական խորհուրդին եւ Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին, ապահովական եւ գործնական բոլոր միջոցներով:
Հանդիպման աւարտին, երկկողմանի բարեմաղթութիւններ փոխանակուած են Սրբազան հօր եւ կուսակալին միջեւ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։