Իրանի հեռատեսիլէն ունեցած իր ելոյթին նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան յայտարարած է, թէ Իրանի տարածքին Իսրայէլի հասցուցած հարուածներուն խիստ պատասխան պիտի տրուի։
«Կոչ կ՚ուղղեմ Իրանի ժողովուրդին որ հաւատայ երկրի ղեկավարութեան եւ միաւորուի։ Իսրայէլ պիտի զղջայ այս գործողութեան համար։ Մեր պատասխանը պիտի ըլլայ արդարացի եւ զօրաւոր»,– ըսած է ան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։