ԻՐԱՆ – ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ – Սուրբ Թադէի վանքի եռօրեայ ուխտագնացութիւնը

Ատրպատականի ազգային առաջնորդարան, ԹաւրիզԱտրպատականի հայոց թեմի հովանաւորութեամբ դարաւոր իր գոյութիւնը պահպանած Ս. Թադէոս Առաքեալի վանքը, եռօրեայ ուխտագնացութեան համար իր դռները լայն բացած է աշխարհի տարբեր երկիրներէն եւ յատկապէս Իրանէն եւ մայր հայրենիքէն ժամա­նած ուխտաւորներուն առջեւ:

Այս տարի, հակառակ քանի մը շաբաթ առաջ երկրին մէջ տիրած պատերազմական անապահով կացութեան, շուրջ 3.000 ուխտաւորներ ժամանած են հնադարեայ վանքը: 2025 Յուլիս 31–Օգոստոս 2 տեւած եռօրեայ ուխտագնացութեան նախագահած է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան:

Պատմական Արտազ գաւառը գտնուող Ս. Թադէոս Առաքեալի վեհակառոյց վանքի կամարներուն տակ, 1954-էն ի վեր այս պաշտօնական ուխտագնացութիւները, ամէն տարի իւրայատուկ ապրումներով եւ հոգեւոր ու ազգային իր մթնոլորտով կը գօտեպնդեն համայն իրանահայութիւնը՝ Ատրպատականի տարբեր շրջաններէն՝ Թաւրիզէն, Ուրմիայէն, Գեարդապատէն, Ռահուայէն, Սալմաստէն, Պետելպոյէն եւ Իրանի տարբեր քաղաքներէն՝ Թեհրանէն, Սպահանէն, Ահուազէն, Արաքէն, Անզալիէն… ժամանած ուխտաւորները:

Օգոստոս 1-ին, Սուրբ Թադէի վանք ժամանած է առաջնորդ Սրբազան հայրը: «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ թափօրը առաջնորդուած է մայր տաճար, ուր Ս. խորանին առջեւ տեղի ունեցած է Կանոնական աղօթք:

Սրբազան հայրը ողջունած է ուխտաւորները՝ նշելով, թէ այս տարուան ուխտագնացութիւնը ձօնուած է աշխարհի խաղաղութեան եւ մարդոց միջեւ սիրոյ ու համերաշխութեան:

Օգոստոս 2-ի առաւօտեան, Սուրբ Թադէի վանքին մէջ պատարագ մատուցած եւ իր պատգամը յղած է Սրբազան հայրը։ Ան խօսած է աշխարհի անապահով կացութեան մասին, անդրադառնալով նաեւ Հայաստան աշխարհը ցնցող ներքին անհամերաշխութեան դէպքերուն ու Հայ եկեղեցւոյ վարկաբեկման երեւոյթներուն:

Պատարագի աւարտին կատարուած է ջրօրհնէք, հիւանդներու բժշկութեան աղօթքով: Այնուհետեւ տաճարի սրբազան կամարներուն տակ Թաւրիզի «Կոմիտաս» երգչախումբին կատարողութեամբ հնչած է «Կիլիկիա»-ն, որուն ձայնակցած է բարեպաշտ ժողովուրդը։

Հուսկ՝ Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի սկաուտական կազմի առաջնորդութեամբ եկեղեցականաց թափօրը ուղղուած է դէպի վանահօր խուցը, ուր հնչած է Տէրունական աղօթքը: Սրբազան հայրը «Պահպանիչ»-ով օրհնած է ժողովուրդը, գնահատական իր խօսքը ուղղած Ազգային իշխանութեան, երգչախումբին, կրտսերաց դպրաց դասին, խնամակալ մարմինին, «Ռոստոմ-Գասպար» գրադարանի վարչութեան ու յատկապէս վանքերու ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբի անձնուէր անդամներուն, եռօրեայ ուխտագնացութիւնը պատշաճօրէն կազմակերպելնուն համար:

Խմբագրական