Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իրաւունքի եւ ուժի գործածութեան փոխառնչութիւնը

Երկուշաբթի երեկոյեան նախագահ Փութին ճանչցաւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները։ Երեքշաբթի ռուսական զօրքերը մտան Տոնպաս, Ուքրաինայի մէջ ռուսամէտ անկախապաշտ երկու շրջանները, տեղւոյն իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը պաշտպանելու պատրուակով։ Այսպէսով, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Ուքրաինայի միջեւ 2015-ին կնքուած Մինսք-2 զինադադարի համաձայնագիրը յօդս ցնդեցաւ։ Թէեւ ան բնաւ չէր գործադրուած, միակ պատճառով՝ ինքնավար երկու շրջաններուն յատուկ կարգավիճակ շնորհող սահմանադրական փոփոխութիւններուն՝ Ուքրաինայի կողմէ գործադրման մերժումով։ Մինչ այդ սահմանային խախտումները տեղի կ՚ունենային եւ մարդկային կորուստները մեծ էին։ Եւրոպացիները չկրցան իրենց միջնորդութեամբ ստորագրուած պայմանագիրը յարգել տալ Ուքրաինացիներուն, փոխարէնը, միեւնոյն ժամանակ վերջիններուս՝ ՕԹԱՆ-ի միանալու ախորժակը կը մեծնար, եւ նոյնքան ալ՝ Ռուսերու համար անվտանգութեան մտահոգութիւնները։

Ընկերվարական երկիրներու Վարշաւայի ռազմական ուխտին փլուզումը պէտք էր զուգահեռաբար ՕԹԱՆ-ը եւս ինքնալուծարման առաջնորդէր, սակայն, վերջինս ռազմավարական ու տնտեսական շահեր պաշտպանելու նպատակով կանգուն մնաց եւ հզօրացաւ նախկին Սովետական միութեան եւ արեւելեան եւրոպական երկիրներ տարածուելով։ Վրաստան եւ Ուքրաինա այն երկու երկիրներն էին, որոնք հակառուս նարնջագոյն յեղափոխութիւն կատարելու փորձութեան մատնուեցան։ Բնականաբար ժողովուրդներու բացարձակ իրաւունքն է իրենց քաղաքական կողմնորոշումը արտայայտել ժողովրդավար ընտրութիւններով։ Սակայն, միջազգային քաղաքականութեան մէջ մեծ պետութիւններու միջեւ մրցակցութիւնը առիթներ կը ստեղծէ օրինաւոր եւ անօրէն միջամտութիւններու, յաճախ տեղացի ուժերու ներգրաւումով, որոնք կրնան շատ ողբերգական հետեւանքներ ունենալ։ 

Այս դիտանկիւնէն, Հայաստանի պատմութիւնը արտաքին միջամտութիւններու երկար շղթայ մը կը ներկայացնէ, Բիւզանդացիներու, Արաբներու, Սելճուկներու, Եւրոպացիներու, Պարսիկներու, Թուրքերու, Ռուսերու… ազդեցութեան ներքոյ։ Իսկ վերջին անկախութենէն ասդին, Ռուսաստան –Արեւմուտք–Թուրքիա մրցակցութիւնը աւերիչ հետեւանքներ ունեցած է, մինչեւ վերջին 44-օրեայ պատերազմը, որուն հետեւանքով Ռուսաստան վերջապէս վերատիրացաւ Հայաստանին եւ Արցախին, երկուքին պարտադրելով իր կամքը, երկուքին անվտանգութեան երաշխաւորը հանդիսանալով։ Թէեւ 2018-ի Հայաստանեան յեղափոխութիւնը հակառուս բնոյթ չունէր, սակայն, Ռուսաստանի համար կային շատ զօրաւոր ազդանշաններ Հայաստանի՝ իր վերահսկողութենէն խոյս տալու տեսանկիւնէն։ Յատկապէս, երիտասարդ սերունդին մօտ եւրոպական մշակոյթի, եւրոպամէտ գաղափարներու գրաւչութիւնը, Եւրոպա ուսում ստացած երիտասարդութեան ներգրաւումը քաղաքական ասպարէզին մէջ, ազատութեան եւ ժողովրդավարական գաղափարներու գործադրութիւնը քաղաքական հարթակին վրայ, կաշառակեր ղեկավարութեան նոյնացումը ռուսական քաղաքական շրջանակներուն՝ երեւոյթներ էին, որոնք Արեւմուտք հաստատուած Հայաստանցիներուն եւ աւանդական Սփիւռքահայութեան համար դրական տեղաշարժեր կը նշէին, բայց եւ այնպէս, ռուսական իշխանութեան ոսպնեակէն դիտուած՝ վտանգաւոր շեղումներ կը ներկայացնէին։ 

Քաղաքական դասուն կ՚իյնայ Հայաստանի ռազմավարական շահերը ճիշդ հաշուարկել, պետութեան անվտանգութիւնը ապահովել եւ ներքին անդորրը պահպանել օրէնքի սահմաններու ներքոյ։ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ պատմական ծանր ժառանգութիւնը զինք կը դնեն ծայր աստիճան վտանգաւոր կացութեան մէջ։ Ժողովրդային արտայայտութեամբ միշտ կը յիշուի միասնութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կարեւոր ցուցիչ մըն է քաղաքական ուժերու տեւական անհաշտ ու անմիաբան գործունէութեան։ 

Ռուսաստանի մուտքը Տոնպաս ցոյց կու տայ իրաւունքի եւ ուժի գործածութեան անքակտելի փոխառնչութիւնը։ Արցախ եւս ինքնավար էր եւ միջազգային օրէնքով Արցախահայութիւնը իրաւունք ունէր անկախութիւն ձեռք բերելու, սակայն Հայաստան երեսուն տարի չճանչցաւ զայն, որովհետեւ ուժը չունէր ինքզինք պարտադրելու։ Անկասկած Ռուսաստան եւս չքաջալերեց այդ քայլը իր ռազմավարական շահերէն մեկնելով։ Փոքր պետութիւններու համար մեծերու խաղերուն տակ չճզմուիլը քաղաքական մեծագոյն ձեռքբերումներէն մէկը պէտք է համարել։ Սակայն, Հայաստանի քաղաքական դասը ի վիճակի չեղաւ այդ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու։ Պէտք է փրկել մնացածը եւ մնացորդացը։ 

Ժ.Չ. ■