Հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ․ Կիւլկիւլեանի, Օգոստոս 31-ին, Զախոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ մատուցուած է պատարագ։
Պատարագի աւարտին, Սրբազան հայրը «Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր» պարգեւած է «Անմեղունակ» դպրաց դասի պատասխանատուներ՝ տիկին Պէաթրիս Ներսիսեանին եւ օրիորդ Քնարիկ Սեդրակեանին, ինչպէս նաեւ դպրաց դասին, գնահատելով անոնց տարած երկարամեայ ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ պայծառութեան։
Ապա առաջնորդ Սրբազան հայրը, Յակոբոս քահանային յանձնած է Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց հայրապետի օրհնութեամբ շնորհուած լանջախաչը եւ Համապատասխան կոնդակը։
Օգոստոս 30-ին, հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, Աւզրուկ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է պատարագ՝ Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մասիս քհնյ Շահինեանի ձեռամբ, մասնակցութեամբ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Յակոբոս քհնյ Իսահակեանի։
Պատարագի աւարտին Սրբազան հայրը օրհնած է եկեղեցւոյ նուիրուած Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի եւ Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի պատկերները կրող խաչվառները, ապա իր օրհնութեան խօսքը ուղղած է հաւատացեալներուն։
Լուսանկարները՝ Վահիկ Աւետիսեանի
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։