Վերջին երկու օրերու ընթացքին Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական դաշտը ցնցուեցաւ անակնկալ զարգացումով մը։ Նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան ոչ միայն սուր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ իշխանութեան դէմ, այլ նաեւ՝ անսպասելիօրէն, հանրային վէճի բռնուեցաւ իր գլխաւոր դաշնակիցին՝ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
Երէկ, Հոկտեմբեր 8-ին, Քոչարեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խստօրէն քննադատեց կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը եւ անվտանգային մարտահրաւէրներու դիմագրաւման կերպը։
Սակայն իրավիճակը սրուեցաւ, երբ Քոչարեան ակնարկեց նաեւ ընդդիմութեան ներկայ ռազմավարութեան անարդիւնաւէտութեան։ Այս խօսքերը անմիջապէս սուր արձագանգ գտան Սերժ Սարգսեանի գրասենեակին կողմէ, որ յայտարարութեամբ մը Քոչարեանը ամբաստանեց «ընդդիմադիր միասնականութիւնը խախտելու» եւ «2026-ի կարեւոր ընտրութիւններէն առաջ պառակտում սերմանելու» մեղադրանքով։
Ընդդիմադիր դաշտի երկու գլխաւոր յենասիւներուն միջեւ այս անսպասելի հանրային բախումը կրնայ զգալիօրէն տկարացնել անոնց ընդհանուր դիրքերը եւ անորոշութիւն ստեղծել իրենց դաշինքներուն ապագային շուրջ՝ մօտեցող ընտրութիւններու նախօրեակին։ Անշուշտ, բացի այն պարագայէն, որ սա անոնց յօրինած մէկ բեմագրութեան առաջին արարն է, որու շարունակութեան ծանօթանալու համար հարկ է սպասել…։