Լաւրով. «Մոսկուա պիտի խափանէ Անդրկովկասի երկիրները Ռուսաստանէն անջատելու Արեւմուտքի փորձերը»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը կ՚ամբաստանէ ՕԹԱՆը եւ Եւրոպական Միութիւնը՝ համագործակցութեան իրենց կառոյցներով՝ Ռուսաստանի դաշնակիցները անկէ հեռացնելու փորձերու մեղադրանքով

Արեւմուտքը կը փորձէ Անդրկովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները անջատել Ռուսաստանէն՝ գործակցութեան սեփական կառոյցներ ստեղծելու միջոցով։ Մոսկուա այդ փորձերը պիտի խափանէ՝ իր ձեռքը ունեցած բոլոր կարելի միջոցներով։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ Եւրասիական անվտանգութեան հարցերու Մինսքի երրորդ միջազգային խորհրդաժողովի բարձր մակարդակի լիագումար նիստի արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսին։

ՕԹԱՆը եւ Եւրոպական Միութիւնը կը կազմակերպեն իրենց սեփական երկխօսութիւնները, գործակցութեան կառոյցներ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն, Անդրկովկասի երկիրներուն հետ, եւ այդ կապերը Արեւմուտքը կը փորձէ օգտագործել ո՛չ այնքան փոխշահաւէտ համագործակցութեան, որքան՝ այդ երկիրները Ռուսաստանէն անջատելու համար։ Այդ միտումները մենք, անշուշտ, պիտի խափանենք մեր ձեռքը ունեցած բոլոր կարելիութիւններով՝ դիւանագիտական, քաղաքական եւ տնտեսական միջոցներով,– ըստ ԹԱՍՍի՝ ըսած է Լաւրով։