ԼԵՀԱՍՏԱՆ – Կիներու դերակատարութեան նուիրուած քննարկում Հայաստանի դեսպանութեան յարկին տակ

Օգոստոս 21-ին, Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երդիքին տակ հիւրընկալուած են  Union of Sisterhood foundation-ի անդամները: Հիմնադրամին հիմնական նպատակն է Լեհաստանի մէջ կիներու դերակատարութեան արժեւորումը եւ անոնց աշխուժ մասնակցութիւնը պետական եւ հանրային կեանքին մէջ։

Հանդիպումին քննարկուած են դիւանագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ կանանց ներգրաւման եւ ներկայ աշխարհակարգին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն առնչուող հարցեր։

Դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեան ներկայացուցած է դիւանագիտական ծառայութեան ընդհանուր առանձնայատկութիւնները եւ պատասխանած ներկաները յուզող հարցումներուն։