ԼԵՀԱՍՏԱՆ – Նաթոլինի՝ Եւրոպայի գոլէճի հայ ուսանողները «Հայաստանի մշակոյթի օր» կազմակերպած են

Մարտ 28-ին, Լեհաստանի հայ ուսանողներու կազմակերպութեամբ եւ Հայաստանի դեսպանութեան օժանդակութեամբ, Վարշաւայի կեդրոնին յարակից Նաթոլինի՝ Եւրոպայի գոլէճին մէջ ներկայացուած է «Հայաստանի մշակոյթի օր»-ուան ձեռնարկը:

Օրուան ընթացքին տեղի ունեցած է ճատրակի մրցաշարք, հայկական տարազներու եւ արուեստի գործերու ցուցադրութիւն, հայկական քոնեակի համտեսում եւ այլն։ Ուսանողները հանդէս եկած են հայկական երաժշտական եւ պարային կատարումներով։

Ձեռնարկի ծիրէն ներս դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեան հանդիպում ունեցած է Գոլէճի դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ՝ պատասխանելով վերջիններուս՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցումներուն։