Վատիկան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7-ին պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Լեւոն ԺԴ. պապը իր քահանայապետութեան առաջին այցելութիւնը պիտի կատարէ Թուրքիա եւ Լիբանան՝ Նոյեմբեր 27-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 2։
Այցելութեան թրքական հանգրուանը, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 27-30, նուիրուած է Նիկիոյ ժողովի 1700-ամեակին։ Պապը ուխտագնացութիւն մը պիտի կատարէ դէպի Իզնիք (պատմական Նիկիա), ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա.-ի հետ, ինչպէս նաեւ՝ միասնական պատգամ մը։
Թուրքիայէն ետք, Պապը պիտի անցնի Լիբանան, ուր պիտի մնայ Նոյեմբեր 30-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 2։ Այս այցելութիւնը կը հետապնդէ իր նախորդին՝ Փրանկիսկոս պապի տուած խոստումը յարգելու նպատակը եւ կը նկատուի խաղաղութեան պատգամ մը՝ պատերազմէ տուժած տարածաշրջանին համար։ Լիբանանի մէջ ան պիտի հանդիպի երկրի քաղաքական եւ կրօնական պետերուն հետ։