ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Հարիւրաւոր երիտասարդներ ոգեկոչած են Լիզպոնի հինգ անմահներուն յիշատակը

Յուլիս 26-ին, Լիզպոնի հինգ տղոց ոգեկոչման արարողութեան մասնակցած են հարիւրաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք ջահերով ուղղուած են դէպի Պուրճ Համմուտի ազգային գերեզմանատուն, ուր իրենց միացած մեծաթիւ հայորդիներու հետ միասնաբար ծաղիկներ զետեղած ու մոմեր վառած են Սիմոն Եահնիեանի, Սեդրակ Աճէմեանի, Արա Քըրճըլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի ու Վաչէ Տաղլեանի շիրիմներուն։

Լիզպոնի հերոսներու դամբարանին դիմաց կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն, այնուհետեւ սգոյ երեկոյթը ծայր առած է Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի փառերգերուն ունկնդրութեամբ:

ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անունով խօսք առած է Միրէյ Ժըմմօ, որ շեշտած է, թէ նման ոգեկոչումներ ոչ միայն կը միտին յիշել հինգ հերոս տղաքը, այլեւ յիշեցնել եւ մեր էութեան մէջ ամրապնդել անոնց միտքերը, խօսքերը, զգացումները եւ Հայ դատի պայքարին համար իրենց զոհողութեան գերմարդկային արարքը: Ան դիտել տուած է, որ երազներ ունեցող եւ կեանքը սիրող այդ երիտասարդները լեցուն էին այնքան մեծ հաւատքով, որ կրցան խօսքը վերածել գործի` յանուն հայրենիքին, ազգայինին եւ հայրենասիրութեան: “Անոնք Լիզպոնէն աշխարհին յայտնեցին, որ հայ երիտասարդը չի մոռնար իր անցեալը, չի լռեր հայրենիքի տառապանքին դիմաց եւ երբեք չի հեռանար արդարութեան ուղիէն: Լիզպոնի հինգի յիշատակին պահպանումը եւ յաւերժացումը ծանր, դժուար եւ նոյնիսկ յուզող պարտք է մեր ուսերուն վրայ”,– ընդգծած է ան:

Աւարտին ցուցադրուած է տղոց հերոսութիւնը նկարագրող տեսանիւթ մը։

Խմբագրական