ԼԻՈՆ – ԷՔԻՒՅԻ – «Հայկական գարունը»-ի բացման հանդիսութիւնը

Ինչպէս արդէն ծանուցած էինք, Ապրիլ 1-էն Մայիս 4 երկարող Էքիւյիի «Հայկական գարունը» խորագրեալ բացառիկ ձեռնարկը կազմակեպուած է Լիոնի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան բարձր հովանաւորութեամբ։

Ապրիլ 1-ին, Էքիւյիի մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած բացման հանդիսութիւնը սկսաւ Էքս-ան-Փրովանսի համալսարանի վաստակաւոր հետազօտող, հայկական արուեստի մասնագէտ Պատրիկ Տօնապետեանի՝ հայկական միջնադարեան արուեստին եւ կիրառական արուեստներուն նուիրուած դասախօսութեամբ, որուն յաջորդեց «Մուսքարի» կազմակերպութեան եւ «ՄԵՆՔ նախագիծ»-ի (projet MENK)՝ «Գիւմրիի խեցեգործութիւնը եւ հայկական ժամանակակից արուեստը» (« Céramique de Gyumri et Art contemporain arménien ») միացեալ  ցուցահանդէսին բացումը։

Լիոնի քաղաքակոյտին (métropole) մաս կազմող Էքիւյիի քաղաքապետ Սեպասթիէն Միշէլի, մշակութային կցորդ, փոխքաղաքապետ Ժան-Ժաք Մարկէնի, Լիոնի նախկին քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեանի եւ Լիոնի աւագ հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեանի ելոյթներէն ետք, հրաւիրեալները առիթ ունեցան ծանօթանալու ցուցահանդէսին ներկայացուած արուեստի գործերուն։

Յիշեցնենք, թէ մինչեւ Մայիս 4 տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ, ինչպէս՝ Գորին Զարզաւաթճեանի « Un nom à coucher dehors » ներկայացումը, Պալենի խումբի «Մեր լեռներու ճամբաներով» համերգը, Մաքսիմ Եւատեանի «Հայկական աշխարհաքաղաքականութիւն. կայսրութիւններու խաչմերուկին» («Géopolitique arménienne: la croisée des empires») դասախօսութիւնը, Ռոպէր Կէտիկեանի «Ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան» («Le Voyage en Arménie»), Մեհտի Իտիրի եւ Կռան Քոր Մալատի «Պարոն Ազնաւուր», Սերկէյ Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ֆիլմերու ցուցադրութիւնը, Ալեքսանտր Պաղտասարեանի «Նռան գոյնը» ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ Լիոնի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան եւ Երեւանի Փարաճանովի թանգարանի համագործակցութեամբ կազմակերպուած՝ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը: