Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լոյս տեսած է Մեծն Սուրբ Մակարի «Հոգեւոր քարոզներ» հատորը

Հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի հրատարակութեամբ լոյս տեսած է Մեծն Սուրբ Մակարի «Հոգեւոր քարոզներ»-ը, թարգմանութեամբ Մակար եպիսկ. Աշգարեանի եւ մեկենասութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմին։

Շուրջ 350 էջերէ բաղկացած հատորը կը պարունակէ ճգնաւորական շարժումի հիմնադիր եւ Դ. դարու ընդհանուր քրիստոնէական կեանքի պատմութեան հոգեւոր աստղերէն Մեծն Մակարի խորհրդածութիւնները, որոնք բովանդակութեան իմաստով՝ պարզ քարոզախօսական գրութիւններ չեն, այլ կը շօշափեն զանազան թեմաներ, ինչպէս՝ իմաստասիրական, հոգեբանական, աստուածաշնչական, վարքաբանական, այլաբանական, խորհրդաբանական, ընկերաբարոյական, խրատաբանական եւ դաստիարակչական։

Հատորին ճամբով՝ ընթերցողը ոչ միայն կը սորվի սուրբին ունեցած կարողութիւններուն եւ իմաստութեան մասին, այլեւ կը ստանայ կեանքի զանազան փորձութիւնները դիմագրաւելու գաղտնիքը։

Հատորը ստանալու համար կարելի է դիմել Կաթողիկոսարանի գրատան եւ կամ առցանց՝ այցելելով www.ciliciabookstore.com