ԼՈՆՏՈՆ – «Բրիտանահայ» ցուցահանդէսին բացումը Բրիտանական գրադարանին մէջ

Բրիտանական գրադարանի Գանձերու սրահին մէջ, Հոկտեմբեր 6-ին բացումը կատարուած է «Բրիտանահայ» խորագրով ցուցահանդէսին, որ կը նշէ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ արմատացած պատմական եւ մշակութային կապերը. կը ներկայացնէ երկու ազգերու միջեւ դարաւոր յարաբերութիւնները՝ հազուագիւտ իրերու, ձեռագրերու եւ անձնական պատմութիւններու ընդմէջէն։ Ան նաեւ կը յիշատակէ Մեծն Բրիտանիոյ աշխուժ հայ համայնքը, ինչպէս նաեւ այն բրիտանացիները, որոնք խոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են հայ մշակոյթին եւ ժառանգութեան հանդէպ։

Ցուցահանդէսը, որուն համադրողն է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հաւաքածոներու վարիչ դոկտ. Մայքլ Էրտման, մշակուած է Հայաստանի դեսպանատան առաջնորդութեամբ։ Կ՚անդրադառնայ հայերու եւ բրիտանացիներու միահիւսուած պատմութիւններուն՝ Բրիտանական կայսրութեան տարածքին, եւ ցոյց կու տայ հայ համայնքին՝ բրիտանական մշակութային կեանքին բերած մնայուն նպաստը։

Ցուցահանդէսի գլխաւոր նմուշներուն մաս կը կազմեն Լոնտոնի մէջ 1736-ին տպուած առաջին հայերէն գիրքը՝ Մովսէս Խորենացիի «Պատմութիւն Հայոց»-ը, ինչպէս նաեւ 15-րդ դարու գեղեցիկ ֆրանսական ձեռագիր մը, որ հաւանաբար կը վերաբերի անգլիացի եւ հայ պետական ղեկավարներու առաջին հանդիպումին, երբ Կիլիկիոյ Լեւոն Ե. արքան Լոնտոն այցելեց՝ Ռիչըրտ Բ. արքային հանդիպելու համար։ Ներկայացուած է նաեւ 20-րդ դարու բրիտանահայ լուսանկարչուհի Իտա Քարի աշխատանքները ցուցադրող հրատարակութիւն մը։

Միջգործական (interactive) տարրեր, ներառեալ՝ բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցներէ քաղուածքներու յղող QR գաղտնագրեր, այցելուները կը հրաւիրեն աւելի խորապէս ներգրաւուելու երկու մշակոյթներու համատեղ պատումին մէջ։

Բացման արարողութեան ընթացքին, ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան բարձր գնահատած է դոկտ. Էրտմանի եւ Բրիտանական գրադարանի՝ Հայաստանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ պատմական կապերը ընդգծելու ջանքերը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած այն համագործակցութեան համար, որ կարելի դարձուցած է ցուցահանդէսը։ “«Բրիտանահայ“-ը կը ցոլացնէ մեր ազգերու միջեւ մնայուն բարեկամութիւնը եւ այն կենսական դերը, զոր մշակութային դիւանագիտութիւնը կը խաղայ մեր գործընկերութեան ամրապնդման մէջ”,ըսած է ան՝ անդրադառնալով վերջերս հաստատուած ՀայաստանՄեծն Բրիտանիա ռազմավարական գործընկերութեան։ Դեսպանը շեշտած է, որ մշակութային դիւանագիտութիւնը այս գործընկերութեան հիմնական սիւներէն մէկն է՝ հանդիսանալով իբրեւ կամուրջ երկու ազգերու միջեւ աւելի մեծ փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան եւ ընդգծած հայ համայնքին՝ բրիտանական մշակութային կեանքին բերած նշանակալի աւանդը։

Բացման ձեռնարկը ճոխացած է նաեւ վարպետ Լեւոն Չիլինկիրեանի ղեկավարած եւ մասնակցած լարային քառեակի կատարումով, որուն յաջորդած է ընդունելութիւն մը՝ մշակութային եւ համալսարանական համայնքի ներկայացուցիչներու, դիւանագէտներու եւ հայ համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ։

«Բրիտանահայ» ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 2026 Փետրուար 22։