Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼՈՆՏՈՆ – Golden Time Talent Festival 2025

Հայաստանէն «Ակունք» կտաւը արժանացած է Grand Prix մրցանակին

Յունիս 6-ին, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած «Golden Time Talent Festival 2025» միջազգային փառատօնի շրջանակին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Լիկա Ռոպերթսի (Լ. Գզողեան) «Ակունք» կտաւը 14 երկիրներէ մասնագէտներ ընդգրկող դատակազմին կողմէ ճանչցուած է լաւագոյնը եւ արժանացած Grand Prix մրցանակին։

Փառատօնը կայացած է Լոնտոնի երկու հեղինակաւոր մշակութային հարթակներուն վրայ՝ 17–19 Triton Square, Regent’s Place եւ The Shaw Theatre, Euston Road։

Մասնակցած են աւելի քան 150 ստեղծագործողներ՝ շուրջ 30 երկիրներէ։

Լիկա Ռոպերթսի «Ակունք» կտաւը (չափը՝ 60×70 սմ., իւղաներկ) առանձնացած է իր գաղափարական խորութեամբ ու գեղարուեստական սքանչելի ոճով։ Հեղինակը ներշնչուած է արցախեան տոհմագորգերու Արեւագորգ խումբին պատկանող Արեւ-Ծիլ գորգէն եւ զայն վերածած լոյսի, արմատներու եւ վերածնունդի խորհրդանիշի։

“Ստեղծելով այս աշխատանքը՝ կ՚ուզէի յիշեցնել մեր ժառանգութեան ակունքներուն մասին, որոնք կը շարունակեն ապրիլ ժամանակակից արուեստին մէջ”,– ըսած է Լ. Գզողեան։

Golden Time Talent փառատօնը ներառած է նաեւ ցուցահանդէս, համերգներ, կենդանի ելոյթներ։

«Ակունք» կտաւին յաղթանակը միջազգային բարձր գնահատական է՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ ստեղծագործական ինքնութեան։ Սա ոչ միայն անձնական, այլեւ ազգային նուաճում է, որ անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ, թէ տաղանդն ու արմատները համամարդկային լեզու ունին։