Յուլիս 13-ին, Լոս Անճըլըս նահանգի Կլենտէյլ հայաշատ քաղաքին մէջ, Հայաստանի հիւպատոսութեան առջեւ տեղի ունեցած է տեղւոյն «Ազգային ճակատ» շարժումի նախաձեռնած հանրահաւաքը՝ ի պաշտպանութիւն Հայ եկեղեցւոյ։
Լոս Անճըլըսի հայկական սփիւռքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ՝ համայնքային, հոգեւոր ու հասարակական գործիչներ ելոյթ ունեցած եւ պահանջած են Հայաստանի իշխանութիւններէն՝ «անյապաղ դադրեցնել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, ազգային բարերարներու եւ ազգային դիմագիծ ունեցող գործիչներու նկատմամբ իրականացուող ճնշումները» եւ ազատ արձակել վերջերս ճաղերու ետին յայտնուած բանտարկեալները։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։