ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – Հայ դերասաններու մասնակցութեամբ «Անորա» ֆիլմը արժանացած է հինգ «Օսքար» մրցանակի

Մարտ 2-ին, Լոս Անճըլըսի «Dolby Theatre» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան՝ Հայ դերասաններ Կարէն Գարակիւլեանի եւ Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ ամերիկացի բեմադիր Շոն Պեյքըրի «Անորա» դրամատիկական կատակերգական ժապաւէնը արժանացած է հինգ «Օսքար» մրցանակի:

Ֆիլմը յաղթած է «լաւագոյն բեմագրութիւն», «լաւագոյն մոնթաժ», «լաւագոյն ժապաւէն» եւ «լաւագոյն բեմադրութիւն» անուանակարգերուն մէջ, իսկ «լաւագոյն դերասանուհի»-ի «Օսքար»-ը շահած է՝ 25-ամեայ Մայքի Մետիսըն, «Անորա»-ի մէջ իր դերին համար:

Պեյքըր շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնց պատմութիւնները ոգեշնչած են զինք՝ ստեղծելու ֆիլմը:

«Անոնք ինծի հետ բաժնեցին իրենց կեանքի փորձառութիւնը, իրենց պատմութիւնները: Իմ խոր յարգանքս, շնորհակալութի՛ւն»,– ըսած է ան: