Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լուքաշենքօ. «Հայաստանը փախչելու տեղ չունի, եւ Նիկոլ Վովաեւիչը տեսած է ատիկա»

«Ի՞նչ է, կը կարծէք, որ անոնք [Հայաստան ] ոեւէ մէկուն պէ՞տք են»

Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, որ ձեւով մը Քրեմլինի խօսափողը կը հանդիսանայ,– այն կարծիքին է, որ յառաջիկայ 15 տարիներուն Մոսկուայի ու Մինսքի նախաձեռնած միութենական պետութեան կազմին մէջ կ՚ընդգրկուի խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու մեծ մասը՝ Ուքրաինան, Հայաստանը, Ղազախստանը եւ կեդրոնասիական շարք մը պետութիւններ։

Քրեմլինի բանբերը համարուող ծանօթ լրագրող Վլատիմիր Սոլովիովին տուած հարցազրոյցին՝ Լուքաշենքօ կարծէք անհասկնալի կամ դժուար հասկնալի ժապաւէնի մը նմանող տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական զարգացումները կը մեկնաբանէ, կը բացատրէ «չհասկցող»-ներուն համար։

Ուքրաինայի շուրջ խորացող տագնապի ենթախորքին վրայ՝ Քիեւի հասցէին շարունականաբար սպառնալից յայտարարութիւններ ընող Պելառուսի նախագահը անդրադարձած է հարցին, թէ ո՞ր երկիրները կրնան մաս կազմել Ռուսաստան-Պելառուս միութենական պետութեան, որուն երազանքը կը փայփայեն Մոսկուա եւ Մինսք։ “Պելառուսը արդէն հոն է։ Կը կարծեմ, Ղազախստանի համար լաւ դաս էր։ Եթէ կ՚ըսէք՝ ժամկէտը 15 տարի է, վստահ եմ, որ Ուքրաինան եւս հոն կ՚ըլլայ, եթէ սխալներ չգործենք։ Դէ, իսկ մնացածը՝ ըստ պարագծի… կախում ունի՝ այդ հզօրութեան միաւորման աւարտէն յետոյ, կամ միաւորման ընթացքին… անոնք ո՞ւր կը յայտնուին։ Հայաստան փախչելու տեղ չունի… ի՞նչ է, կը կարծէք, որ անոնք ոեւէ մէկուն պէ՞տք են… իրենք արդէն տեսած են, Նիկոլ Վովաեւիչ արդէն տեսած է ատիկա։ Ազէրպայճան դուրս կը մնայ այդ համախմբումէն, որովհետեւ մենք նոյնպէս շատ սխալներ գործեցինք։ Առանձին խօսակցութեան հարց է, եւ այնտեղ, ի հարկէ, Թուրքիան շատ լուրջ կերպով կը սատարէ Ազէրպայճանին. Թուրքիոյ միջոցով կը հոսին [ազէրպայճանական] կազը, նաւթը… Իսկ Թիւրքմէնստանը, Ուզպէքստանը եւ Տաճիկստանը, կը կարծեմ, տնտեսական նպատակայարմարութենէ մեկնելով, նոյնպէս կը միանան”։

Վերոյիշեալը, սակայն, Լուքաշենքոյի՝ Քրեմլինի հետ 25 տարի առաջ նախաձեռնած միութենական պետութեան ծրագրի մասին առաջին աղմկայարոյց յայտարարութիւնը չէ։

Այս տարուան Յունուար 7-ին՝ ուղղափառ քրիստոնեաներու Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ այցելելով Մինսքի եկեղեցիներէն մէկը, Լուքաշենքօ յայտարարած էր, թէ 2022-ը պետութիւններէն միութիւններ ստեղծելու տարի պիտի ըլլայ.- “Ձեզի պէտք է ըսեմ, որ այս տարին դիւրին պիտի չըլլայ։ Աշխարհը լրջագոյն ձեւով պիտի փոխուի։ Աշխարհը պիտի փոխուի միութիւններու կազմերու մէջ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միաւորման առումով։ Այնպիսի երկիրներու համար, ինչպէս մերը, ոչ թէ դժուար, այլ անկարելի պիտի դառնայ առանձին գոյատեւելը։ Ուստի, ես որդեգրեցի ամենակոշտ գիծը՝ մեր ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը պահպանելու համար, որպէսզի մենք պետութիւն ըլլանք, բայց նաեւ սերտ կապի մէջ ըլլանք մեր մօտ ընկերներուն ու եղբայրներուն հետ։ Որո՞նք են ատոնք. Ռուսաստանն է, Ղազախստանն է, Ուքրաինան է։ Կարեւոր չէ, թէ այսօր ինչ կ՚անցնի-կը դառնայ հոն (Ուքրաինա), որու ժողովուրդը անսահման կերպով ընչազուրկ դարձած է։ Այդպէս չի կրնար երկար շարունակուիլ, եւ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի վերադարձնենք Ուքրաինան մեր իրական հաւատքին ծոցը”։

Այս խօսքերէն երեք օր ետք Ղազախստանի հարցով ՀԱՊԿ-ի արտակարգ, առցանց վեհաժողովի ընթացքին շուրջ երեսուն տարի է իր երկրին նախագահական աթոռին կառչած մնացող Լուքաշենքօ յայտարարած էր, որ հեռանկարին մէջ ռազմական դաշինքին լուրջ մարտահրաւէրներ կը սպասեն, ուստի անհրաժեշտ է հետեւողականօրէն ամրապնդել զայն, ու կոչ ըրած էր ատիկա ընելու ընթացքին հայեացքները չուղղել դէպի Արեւմուտք, Ամերիկա, այլապէս՝ «մեր վիզերը կ՚ոլորեն»։

Ռուսաստան ու Պելառուս միութենական պետութիւն ստեղծելու պայմանագիրը եւ այդ պետութեան կանոնագրութիւնը արդէն ստորագրած են երկա՜ր տարիներ առաջ՝ 1997-ին։

 

ՀՀ ԱԳՆ բանբեր.- “Լուկաշենկոյի վերլուծութիւնները առնչութիւն չունեն ՀՀ-ի եւ նրա արտաքին քաղաքականութեան հետ”

Լուքաշենքոյի վերոնշեալ յայտարարութիւններուն հակազդած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան։ Փետրուար 8-ին, լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով՝ Յունանեան ըսած է.- “Համոզուած ենք, որ Բելառուսի նախագահի աշխարհաքաղաքական ինքնատիպ վերլուծութիւնները նպատակ ունեն սպասարկելու առաջին հերթին սեփական ներքին քաղաքական օրակարգը եւ որեւէ առնչութիւն չունեն Հայաստանի եւ նրա արտաքին քաղաքականութեան հետ”։