Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Խանգարող դատավարութիւնը

AAG-ն*՝ Ալ­ֆորվի­լի Գէորգ Հ. Արա­պեան – Ս. Մես­րոպ վար­ժա­րանի հո­գաբար­ձու մար­մի­նը, դատ բա­ցած է APCAF-ի** եւ AGEFAA-ի*** դէմ, վեր­ջինս ըլ­լա­լով նոր հո­գաբար­ձու մար­մի­նը, որ կո­չուած է կա­ռավա­րելու Ալ­ֆորվի­լի Մա­րիամ Արա­պեան նո­րակա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զը։

Եւ ահա ան­հե­թեթ կա­ցու­թիւն մը, երբ Ալ­ֆորվի­լի ամէնօրեայ հայ­կա­կան դպրո­ցը ղե­կավա­րող մար­մի­նը՝ AAG-ն, որուն խոր­հուրդի ան­դամնե­րուն մե­ծամաս­նութիւ­նը Ալ­ֆորվի­լի եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ նշա­նակուած ան­ձեր են, դա­տարան կը դի­մէ APCAF-ի դէմ, որ կը ղե­կավա­րուի Ֆրան­սա­յի թե­մի անդրա­նիկ առաջ­նորդին եւ նոյն թե­մին մէջ բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօններ վա­րած ան­ձե­րու կող­մէ։ APCAF յա­ջողած է 4 մի­լիոն եւ­րօ հա­նգանակե­լ, առանց նկատի ունենալու բարերար Գէորգ Արա­պեանի նշա­նակա­լից ներդրու­մը, Ալ­ֆորվի­լի նոր ամէնօրեայ դպրո­ցի շի­նարա­րու­թեան հա­մար, որուն հանդիսաւոր բա­ցու­մը կա­տարուեցաւ 2015-ին, Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ­ե­րուն կող­մէ։ Իսկ 2017-ին APCAF-ը սկսաւ Ալ­ֆորվի­լի Մա­րիամ Արա­պեան ման­կա­պար­տէ­զի շի­նարա­րու­թիւնը, որ ան­ցեալ Սեպ­տեմբե­րին իր դռնե­րը պի­տի բա­նար, սա­կայն այս եր­կու կա­ռոյցնե­րուն մի­ջեւ ան­հա­մաձայ­նութեան պատ­ճա­ռով փակ մնաց։

Մէկ խօս­քով, Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ մի­ջավայ­րին մէջ գոր­ծող կա­ռոյցնե­րու մի­ջեւ ան­հա­մաձայ­նու­թիւն մը, զոր պի­տի լու­ծէ Գրեթէյ­լի դա­տարա­նը։ Բնա­կանա­բար, ողջմտու­թիւնը այլ լու­ծում կը թե­լադ­րէր։ Սա­կայն պարզ է որ եկե­ղեցին ան­կա­րող դար­ձած է լու­ծե­լու իր ներ­սը ծա­գած խնդիր­նե­րը։ Այ­լա­պէս, ծնո­ղական նա­խաձեռ­նութիւն ալ եղած է հա­մաձայ­նութեան եզր մը գտնե­լու հա­մար, բայց այն ալ յայտնուած է ապար­դիւն։

AAG-ի գլխա­ւոր ամ­բաստա­նու­թիւ­նը ուղղուած APCAF-ի դէմ՝ կը վ­ե­րաբերի վեր­ջի­նիս կող­մէ Մա­րիամ Արա­պեան նոր ման­կա­պար­տէ­զին կա­ռավար­ումը AAG-ին յանձնե­լու փոխարէն՝ այդ նպատակով նոր մար­մի­ն մը՝ AGEFAA-ն ստեղ­ծելուն։ Եթէ վէ­ճը միայն դպրո­ցի կա­ռավար­ման խնդրի շուրջ դառ­նար, դա­տարա­նի վճի­ռը կրնար յար­մա­րագոյն լու­ծումը ըլ­լալ։ Բայց գլխա­ւոր հար­ցը մա­նուկնե­րուն կրթու­թիւնն է։ Եւ ի՜նչ վի­ճակի մէջ է կրթա­կանը։

Ինչպէս ամէն հա­մայնքի մէջ, խո­րունկ ան­համաձայնու­թիւններ կրնան ծա­գիլ, որոնց ետին կը թաք­նուին նաեւ ան­ձե­րու բա­խումներ, գոր­ծակ­ցու­թեան պա­կաս, մաս­նա­գիտա­կան ան­կա­րողու­թիւն, տի­րապե­տելու ցան­կութիւն…, սո­վորա­կան խնդիր­ներ, նոյ­նիսկ որոշ չա­փով հան­դուժե­լի, եթէ չխան­գա­րէին դպրո­ցական կեան­քը, դպրո­ցի աշա­կերտնե­րուն կրթա­կան մա­կար­դա­կն ու չվնա­սէին անոնց ապա­գային, դպրո­ցին մէջ հա­յերէ­նի ու­սուցման, որ նաեւ հայ­կա­կան դպրո­ցի գլխա­ւոր առա­քելու­թիւննե­րէն է։

Կրթա­կան կազմին ու կարգ մը ծնող­նե­րու շրջանակին մէջ դժգո­հութիւն կը տիրէ։ 2023-ի տա­րեվեր­ջին, միջ­նակար­գի կրթա­կան խոր­հուրդի տա­րեվեր­ջի զե­կոյ­ցին մէջ դպրո­ցի հո­գաբար­ձու մար­մի­նին՝ AAG-ի հաս­ցէին բազ­մա­թիւ դժգո­հու­թիւններ կան, յատ­կա­պէս դպրո­ցի հո­գաբար­ձութեան ան­տե­ղի մի­ջամ­տութիւննե­րը տնօ­րէնու­թեան եւ ման­կա­վար­ժա­կան կազմի գոր­ծե­րուն մէջ։ Միջ­նա­կարգ դպրո­ցի արձանագրութիւննե­րու թի­ւը կը նուազի։ Եւ 2024-2025 տա­րեշրջա­նի կէ­սին, հա­յերէ­նի եր­կու ու­սուցիչ­ներ հրա­ժարա­կան ներ­կա­յացու­ցին, աշ­խա­տան­քի անըն­դունե­լի պայ­մաննե­րու պատ­ճա­ռով։ Ըն­դա­մէնը եր­կու տա­րի առաջ պաշ­տօ­նի կո­չուած ու­սուցիչ­ներ, փոր­ձա­ռու եւ կա­րող, որոնք լրա­ցու­ցին հա­յերէ­նի ու­սուցիչ­նե­րու պա­կասը եւ ամ­րապնդե­ցին հա­յերէ­նի ու­սուցման մա­կար­դա­կը։

Ինչ ալ ըլ­լայ դա­տավա­րու­թեան արդիւնքը, աշա­կերտնե­րուն կրթու­թիւնը կը մնայ ամէն կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան առաջ­նա­հեր­թութիւ­նը եւ ա՛ն պէտք է ըլ­լայ ամէն հո­գաբար­ձու մար­մի­նի գլխա­ւոր մտա­հոգու­թիւնը։ Եր­կու կա­ռոյցնե­րու մի­ջեւ հա­մաձայ­նութիւ­նը կը մնայ լա­ւագոյն մի­ջոցը վէ­ճերէ եւ անտե­ղի ծախ­սե­րէ խու­սա­փելու հա­մար։ Նման լուծում մը բնա­կանա­բար կարելիու­թիւն պի­տի ընձեռէր մարդկա­յին եւ նիւթական բոլոր մի­ջոց­նե­րը երե­խանե­րու կրթու­թեան հա­մար օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ դպրո­ցին դիմագրաւած իրա­կա՛ն խնդիր­նե­րը յաղթահարելու…։

Ժ.Չ. ■

———

* Association pour l’administration et la Gestion du groupe scolaire Kevork H. Arabian – St Mesrop.

** Association pour la Promotion de la culture arménienne, որ 2008-ին Ֆրանսահայ նորահաստատ թեմի առաջնորդին հիմնադրած մշակութային զարգացման ընկերակցութիւնն է, որուն գլխաւոր գործը եղաւ, 17 տարիներու երկայնքին, նոր դպրոցներ կառուցել։

*** Association pour la gestion des écoles franco-arméniennes d’Alfortville.