Նոյեմբեր 20-21-ին Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակը կազմակերպած էր «Արուեստի եւ մշակոյթի համաժողով»-ը, գործակցութեամբ նորայայտ «Հայկական մշակոյթի եւ արուեստի միջազգային համակարգման խորհուրդ»-ին, Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն շուրջ երկու հարիւր յիսուն հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները նոյնիսկ եթէ համազգային հարցեր չեն լուծած, գէթ օգտակար եղած են տարբեր երկիրներէ փութացած մասնակիցներ իրարու ծանօթացնելու առումով։
Սոյն համաժողովի գլխաւոր յատկանիշը արուեստի եւ մշակոյթի նուիրուած ըլլալն էր։ Վերջապէս յաւակնոտ նախաձեռնութիւն մը, որով թէ՛ արուեստը եւ թէ՛ մշակոյթը ազգային ինքնութեան հիմնական արտայայտութիւններ ըլլալով՝ նման ձեռնարկ առիթ կ՚ընծայէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ծիրէն ներս ընկալումներու, փորձառութիւններու բազմաթիւ տարընթերցումներու։ Նկատի առած Հայաստանի ներկայի ներքաղաքական փոթորկալի վիճակը ու անոր ազդեցութիւնները Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւներուն վրայ՝ նման վերնագրով համաժողովի ծրագրումը բնական է որ գնահատուի յախուռն, կամ կիսատ ու նոյնիսկ՝ ձախող։
Համաժողովը սահմանած էր չորսկէտանի նպատակ. անոնցմէ առաջինն է նպաստել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ մշակութային համագործակցութեան կայուն զարգացման։ Գրեթէ անիրագործելի նպատակ մը, նկատի ունենալով ներկայիս Սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու ծայր աստիճան լարուած վիճակը։ Եւ այս երեւոյթը զգալի էր ի տես թէ՛ մասնակից սփիւռքահայերու սահմանափակ աշխարհագրութեան, որոնց մեծամասնութիւնը Եւրոպայէն էր, բացակայ էին Միջին Արեւելքը, Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաներ եւ Ռուսաստանը…եւ թէ՛ մշակութային մարզին մէջ երկար անցեալ ու աւանդ ունեցող կազմակերպութիւններու բացակայութեան, ինչպէս՝ Եկեղեցիները, ՀԲԸՄ-ը, Համազգայինը, Կիւլպէնկեանը, մշակոյթի տուներն ու ընկերակցութիւնները, կրթական հաստատութիւնները…։ Զարմանալիօրէն բացակայ էին Հայաստանի մէջ կայք հաստատած ու միջազգային ճանաչում գտած կառոյցները եւս, ինչպէս՝ Թումօն, COAF-ը…։ Իսկ լրասփիւռները գրեթէ լուռ անցան, անտեսելով այս համաժողովը։
Երկրորդ կէտը՝ հայ արուեստագէտներու փոխադարձ ճանաչման ընդլայնումն էր. ինքնըստինքեան դժուար իրագործելի նպատակ մը, որովհետեւ արուեստագէտները կը ճանչցուին իրենց գործերով, իրենց արուեստով, իսկ համաժողովը ցուցադրութեան վայր չէ, թէեւ նախատեսուած էր Ազգային պատկերասրահին մէջ «Մոդեռնիզմի հոսքեր. Սփիւռքահայ արուեստը երկաթէ վարագոյրից այն կողմ» խորագրով ցուցահանդէսին բացումը, ուր սակայն ցուցադրուած գործերը կը պատկանէին արդէն մահացած սփիւռքահայ արուեստագէտներուն եւ ոչ՝ համաժողովի մասնակիցներուն։ Նոյնն էր պարագան «Ժամանակակից հայ գրողներու գրքերու ցուցահանդէս»-ին, գիրքեր որոնց հեղինակները մեծ մասամբ մահացած էին կամ բացակայ։
Իսկ երրորդ կէտը կը վերաբերէր Սփիւռքի մասնագէտներու ներգրաւմամբ աջակցութեան՝ մշակութային քաղաքականութեան մշակման ու իրականացման։ Շատ էական նպատակ մը, որուն մասին ակնարկներ կատարուեցան պարզապէս ընդգծելու համար Հայաստանի կառավարութեան եւ Սփիւռքի կառոյցներուն մէջ մշակութային քաղաքականութեան բացակայութիւնը։
Չորրորդ կէտն ալ ածանցուած է երրորդին։ Մասնակիցներուն կողմէ յատկապէս նշուեցաւ նաեւ անկախ Մշակոյթի նախարարութեան մը չգոյութեան պարագան, որ մշակոյթն ու արուեստը կախեալ կը դարձնէ Կրթութեան նախարարութենէն։
Ուրիշ յատկանշական երեւոյթ մըն ալ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին բացակայութիւնն էր այս համագումարին, ինչ որ կը ստեղծէր պատասխանատւութեան մեծ բաց մը։ Բնականաբար պայման չէ որ երկրին վարչապետը կամ նախագահը ներկայ ըլլան համաժողովին։ Սակայն, որպէս համաժողովի գլխաւոր կազմակերպիչ՝ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարին ու Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարին բացակայութիւնը նիստերուն ու փակման արարողութեան, արտասովոր էր ու հարցադրումներու դուռ բացաւ։
Փոխարէնը, նորաստեղծ «Հայկական մշակոյթի եւ արուեստի միջազգային համակարգման խորհուրդ»-ի նախագահ Գրիգոր Աժդերխանեան կատարեց համագումարին փակումը եւ նուէրներու յանձնման արարողութիւնը. ան, բազմաթիւ անգամներ խօսք առաւ նիստերու աւարտին ալ, փոխանցելու պարզ պատգամ մը՝ «սորվիլ աշխատիլ իրարու հետ եւ զիրար սիրել», ինչ որ հեռու է մշակութային քաղաքականութեան հիմք ծառայելու ծրագիր ըլլալէ։
Ժ.Չ. ■