ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Դէպի խորհրդարանական ընտրութիւններ

Ֆրան­սա­յի կա­ռավար­ման ճգնա­ժամը եկաւ աւե­լի շեշ­տե­լու մի­ջազ­գա­յին սուր տագ­նապնե­րը եւ ընդլայ­նե­լու հա­մատա­րած ճգնա­ժամի պատ­կե­րը։ Ներ­կայ պայ­մաննե­րուն մէջ երթա­լով աւե­լի դժուար կը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ըն­թերցել՝ մեծ պե­տու­թիւննե­րու, տա­րածաշրջա­նային մի­ջին կշի­ռի ազ­դե­ցիկ պե­տու­թիւննե­րու եւ բո­լորին ներ­քին քա­ղաքա­կան ու­ժե­րու ու շա­հերու բա­խու­մի բարդ փոխ­յա­րաբե­րու­թիւննե­րու տե­սան­կիւնէն։ Ասոր լա­ւագոյն օրի­նակը Իս­րա­յէլի կող­մէ ԱՄՆու դաշ­նա­կից Քա­թարի մայ­րա­քաղա­քին հրթի­ռակո­ծումն էր, ուր կը գտնուի Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի մէջ ամերիկեան մե­ծագոյն ռազ­մա­կայա­նը։ Նա­խագահ Թրամ­փի իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լով՝ մի­ջազ­գա­յին յար­ա­բե­րու­թիւն­նե­րը դուրս եկան դա­սա­կան խա­ղի կա­նոն­նե­րէն։ ԱՄՆու կա­ռա­վա­րու­թեան որո­շումնե­րը կը փո­փո­խուին մէկ օրէն միւսը եւ եր­բեմն՝ իրա­րու կը հա­կասեն։ Հա­կամար­տու­թեան մէջ գտնուող փոքր եր­կիրնե­րու վի­ճա­կը ան­տա­նելի է, որոնց շար­քին է Հա­յաս­տա­նըՍա­կայն, մեծ պե­տու­թիւն­նե­րը եւս զոհն են տա­րինե­րու ըն­թաց­քին իրենց սերմանած քա­ղաքա­կան իրա­վիճա­կին, ինչպէս կը տես­նենք Ֆրան­սա­յի, Գեր­մա­նիոյ եւ Անգլիոյ պա­րագա­յին։

Ֆրան­սա­յի քա­ղաքա­կան անել վի­ճակը մի­ջազ­գա­յին հար­թա­կին վրայ իր բա­ցասա­կան հե­տեւանքնե­րը պի­տի ու­նե­նայ, մա­՛նաւանդ ուքրաինական ճա­կատին վրայ, ուր Ֆրան­սա առաջ­նորդող դեր ու­նի, նոյ­նիսկ յա­ճախ ԱՄՆու հա­կառակ դիր­քե­ր պաշտպա­նելով։ Երեսփոխանա­կան նոր ընտրու­թիւննե­րը ան­խուսա­փելի կը դառ­նան։ Բո­լորո­վին պի­տի փո­խուի խորհրդա­րանի դի­մա­գի­ծը։ Այս անո­րոշու­թիւնը որ­քան որ ներ­քին քա­ղաքա­կան կեան­քին հա­մար ան­հան­գստաց­նող է, նոյնքան ալ՝ Եւ­րո­պայի եւ աշ­խարհի տար­բեր երկրա­մա­սե­րուն մէջ Ֆրան­սա­յի բա­րեկամ եր­կիր­նե­րուն հա­մար, ինչպէս Հա­յաս­տա­նի, որ 2020-ի պա­տերազ­մէն աս­դին մե­ծա­պէս օգ­տուեցաւ Ֆրան­սա­յի բա­րե­կա­մա­կան վե­րաբեր­ումէն, որուն շնոր­հիւ Ազերպայ­ճա­նի սահ­մա­նին հաս­տա­տուե­ցաւ Եւ­րո­պական դի­տոր­դա­կան առա­քե­լու­թիւնը, ար­դիական զի­նա­մ­թերքի գնումներ կա­տարուեցան, Եւ­րո­պայի ու մի­ջազ­գա­յին հար­թակնե­րու վրայ Հա­յաս­տա­նը զօ­րակ­ցութիւն վա­յե­լեց

2020-ի 44-օրեայ պա­տերազ­մէն ի վեր Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղաքա­կա­նու­թիւնը աւե­լի յստակ ձե­ւաւո­րում մը ստա­ցաւ, շնոր­հիւ Ֆրան­սա­յի եւ Եւ­րո­պական Միու­թեան։ Նուազե­ցաւ կա­խուա­ծու­թիւնը Ռու­սաստա­նէն, որ Ազերպայ­ճա­նի հետ պա­տերազ­մին եւ Ար­ցա­խի ինքնիշ­խա­նու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցին մէջ ամ­բող­ջո­վին ձա­խո­ղե­ցաւ։ Հա­յաս­տան դի­մեց մի­ջազ­գա­յին գոր­ծընկե­րու­թիւն­նե­րու բազ­մա­զա­նաց­ման, մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի յար­գանքի պայ­մաններու ստեղ­ծ­ման, խա­ղաղ բա­րիդ­րա­ցի­ական յա­րաբե­րու­թիւններու հաս­տա­տման՝ յետ­պա­տե­րազ­մա­կան ներ­քին ծանր իրա­վիճա­կի պայ­մաննե­րուն մէջ։ Այ­սօր, ար­դէն տա­րի ու կէս է, որ սահ­մա­նին լուրջ մի­ջա­դէ­պ չի պա­տա­հիր, զի­նուոր չի զո­հուիր եւ խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու պայ­մաննե­րը աւե­լի նպաս­տա­ւոր են։ Այս դրա­կան ար­դիւն­քին մէջ Ֆրան­սա ու­նե­ցաւ իր կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տարու­թիւնը։

Որ­քան որ Ֆրան­սա­յի պա­րագա­յին ներ­քին կար­գով կա­յուն խորհրդա­րանա­կան մե­ծամաս­նութիւն մը անհրա­ժեշտ է երկրին աստղաբաշխական պարտքը նուազեց­նե­լու, մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւորու­թիւննե­րը յար­գե­լու եւ երկրէն ներս հա­ւասա­րակ­շռուած բնա­կանոն զար­գա­ցում մը ապա­հովե­լու համար, նո՛յնքան ալ Հա­յաս­տան որո­շ մտա­հոգու­թեամբ կը սպա­սէ 2026-ի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րուն՝ աւե­լի կա­յուն եւ վստահելի քա­ղաքա­կան ու­ժե­րու խորհրդա­րան մուտք գոր­ծե­լու սպա­սու­մով։ Այս առու­մով ար­դէն ընդդի­մադիր եր­կու նոր ճա­կատ­ներ ի յայտ եկան. առա­ջինը՝ գոր­ծա­րար եւ Մայր Աթո­ռի բա­րերար Սա­մուէլ Կարապետեանի «Մեր ձե­ւով» կու­սակցու­թիւնը, որ շեշ­տա­կիօրէն ռու­սա­կան շա­հերու պաշտ­պան պի­տի հան­դի­սանայ, եւ երկրոր­դը՝ Հա­յաս­տա­նի Մար­դկային իրա­ւանց նախ­կին պաշտպան Ար­ման Թա­թոյ­եան, որ հան­րա­յին ասու­լի­սի մը ըն­թացքին մտադ­րութիւն յայտնեց գա­լ տա­րուան խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւն­նե­րուն մաս­նակցե­լու, յատ­կա­պէս պայ­քա­րելու հա­մար ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան՝ Ազերպայ­ճա­նի հան­դէպ վա­րած զի­ջո­ղա­կան մար­տա­վարու­թեան դէմ։ Առաջնահերթ հարցը այն է, թէ որ­քա­նո՞վ Թա­թոյեան պի­տի կա­րե­նայ «Քա­ղա­քա­ցիական պայ­մա­նա­գիր» կու­սակ­ցու­թեան գլխա­ւոր մրցա­կիցը հան­դի­սա­նալ՝ հա­մախմբե­լով բո­լոր հա­կա­փա­շին­եա­նա­կան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը։ Այ­լա­պէս, ներ­կայ դրու­թեամբ ընդ­դի­մա­դիր ճա­կատը առա­ւե­լա­բար մաս­նա­տուած պատ­կեր մը կը պար­զէ, եւ այս պայ­ման­ներուն մէջ անոր՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րը շա­հելու հաւա­նակա­նու­թիւ­նը շատ քիչ է։

Ժ.Չ. ■