Անկախութեան տօնին առթիւ վարչապետ Փաշինեանի ուղերձին մէջ յատկանշական էր 4-րդ Հանրապետութեան հռչակման յիշատակումը, որ պիտի բանայ խաղաղութեան դարաշրջան։ 3-րդ Հանրապետութեան առաջին օրէն պատերազմ տիրած է երկրին մէջ։ Ըստ վարչապետին՝ Օգոստոս 8-էն արդէն Հայաստան թեւակոխած է խաղաղութեան դարաշրջան։ Նախագահ Խաչատուրեան եւս իր ուղերձին մէջ շեշտեց խաղաղութիւն ձեռք բերելու անհրաժեշտութիւնը։
Այս բոլորին մէջ սակայն, սարսափելի է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գրառումը, որ ի շարս բազմաթիւ վարկաբեկիչ ամբաստանութիւններու վարչապետ Փաշինեանը կը դասէ հայոց պատմութեան դաւաճաններու շարքին. «Հաստատաբար կարելի է արձանագրել միայն մէկ բան. Փաշինեանն արդէն իսկ իր “պատուաւոր” տեղն է ապահովել հայոց տխրահռչակ դաւաճանների յուշատախտակում՝ Մերուժան Արծրունու, Վահան Մամիկոնեանի, Վասակ Սիւնու, Մելիք Շահնազարի եւ Մելիք Ֆրանգիւլի կողքին»։
Որքանո՞վ արդարանալի է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին կողմէ նման յայտարարութիւն՝ 3-րդ Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավար պայմաններու տակ, ընտրութիւններով վարչապետ դարձած պետական դէմքի հասցէին։ Զզուելի է Հայաստանի քաղաքական խօսոյթը բանտարկել «դաւաճանական» մտայնութեան մակարդակին, մանաւանդ երբ այդ կը կատարուի Հայաստանի առաջին նախագահի նման պետական դէմքի մը կողմէ, որ վերջապէս մտաւորական անձնաւորութիւն է, որ դժբախտ քաղաքական անցեալ մը ունեցած է Արցախեան կնճիռի լուծումին համար իր յանդուգն դիրքորոշումներուն պատճառով, որ այն ժամանակուան ուժային կառոյցներու տէր պետական մարդոց,– որոնց կարգին էին՝ Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան,– սպառնալիքին տակ ստիպուած եղած է հրաժարելու նախագահի պաշտօնէն։ Եւ այսօր Լեւոն Տէր—Պետրոսեան ի՛նք կ՚օգտագործէ զինք հալածած նախագահներուն բառապաշարը, ամբաստանելու համար անցեալի իր զինակիցը՝ Փաշինեանը։
Պէտք է հասկնալ թէ ի՞նչ է Լեւոն Տէր—Պետրոսեանի «փորացաւ»-ը, ի՞նչ է անոր չխոստովանած քաղաքական նպատակը։ Ինքզինք անջատե՞լ Փաշինեանի վարած խաղաղութեան քաղաքականութենէն, որ պարտադրուած է 2020-ի պարտութեամբ։ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք՝ Լեւոն Տէր—Պետրոսեան անդադար յորդորած էր Փաշինեանը բանակցութիւններ վարելու Ազերպայճանի հետ, խաղաղութիւն կնքելու համար։ Նոյն յորդորը կատարած էր անցեալին Ռոբերտ Քոչարեանին ու Սերժ Սարգսեանին, բայց վերջիններս չէին լսած զինք, ինչպէս որ չլսեց նաեւ ներկայի վարչապետը։
Բայց արդեօք այս փաստարկը բաւարա՞ր պատճառ է Փաշինեանը ազգային դաւաճան համարելու համար։ Հանրապետութեան առաջին նախագահը լաւ գիտէ թէ գործադիր իշխանութեան ղեկավարը բացարձակ իշխանութիւն չունի, մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ. թէ՛ ոստիկանական ուժերու եւ թէ՛ բանակի նախարարութիւնները խիստ կախեալ էին Ռուսաստանի իրենց գործընկերներէն։ Նոյնը նաեւ արտաքին քաղաքականութեան պարագային։ Նոյնիսկ ինք՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան զոհ գացած է այդ իրավիճակին՝ երբ նախագահ էր. ան չէր կրցած պարտադրել իր քաղաքականութիւնը եւ ստիպուած եղած էր հրաժարելու։
Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի իշխանութիւնը կը ձեւաւորուի ընտրութիւններու միջոցով, նախընտրաբար ազատ ու անկախ։ Որքանո՞վ արդար է ու պարկեշտ անցեալ ընտրութիւններուն քուէներու 1,54 տոկոսը ստացած նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ ամբաստանութիւն մը, որ կը խախտէ երկրին արդէն քաղաքական փխրուն կայունութիւնը։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար՝ անցեալի իր փառքի բարձրութեան վրայ մնար ու անտեղի զրպարտիչ ամբաստանութիւններ չընէր։
3-րդ Հանրապետութեան օրօք Հայաստանի անվտանգութիւնը խարսխուած էր ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանի ռազմական պաշտպանութեան վրայ, որու վախճանը արձանագրուեցաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի աւարտին։ Այն օրէն սկսեալ հիմքը դրուեցաւ 4-րդ Հանրապետութեան, որ կը վարէ բազմաբեւեռ ռազմավարական քաղաքականութիւն, առանց Ռուսաստանի հետ խզելու գործընկերութիւնը։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան շատ ճիշդ կանխատեսումներ կատարած է անցեալին, մա՛նաւանդ ինչ կը վերաբերի Արցախեան հարցին լճացման (սթաթուս քուօ) հայկական կողմին նպաստաւոր չըլլալու մասին նախազգուշացումներուն։ Հայաստանի բոլոր ղեկավարները գործած են ճակատագրական սխալներ։ Բոլորն ալ «դաւաճան» անուանուած են ընդդիմադիր ճակատին կողմէ։ Ժամանակը հասած է այդ անտեղի յորջորջումներու էջը փակելու եւ արդար ծրագրային քաղաքական պայքար մղելու իշխանութեան տիրանալու համար։
Ժ.Չ. ■