ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Եկեղեցական տագնապը կը խորանայ

Միքայէլ արք. Աջա­պահեան եւ Բագ­րատ Գալստա­նեան բան­տա­խու­ցէն յայ­տա­րարու­թիւն մը տա­րածած են, որուն մէջ Ար­շակ ար­քե­պիս­կո­պոսին եւ Վե­հափա­ռին հրա­ժարա­կանը պա­հան­ջող Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ տա­սը բարձրաս­տի­ճան առաջ­նորդնե­րը դա­ւաճան կ՚որակեն եւ միաժա­մանակ կը դի­մեն Վե­հափա­ռին որ զա­նոնք կար­գա­լոյծ հռչա­կէ։ Այսպէսով, Հա­յաս­տա­նի մէջ առանց դատ դա­տաս­տա­նի «դա­ւաճան» հռչա­կուած­նե­րուն շար­քը կ՚եր­կա­րի տա­սը նոր եկե­ղեցա­կան ան­դամնե­րով։ Ի՛նչ պէտք է սպա­սել Եկե­ղեցիէն երբ բար­ձրաստի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րը, քա­ղաքա­կան ու պե­տական մար­դոց նման, ինքնա­պաշտպա­նու­թեան իբր մի­ջոց կը գոր­ծա­ծեն հա­կառա­կոր­դը դա­ւաճան հռչա­կելը։

Զար­մա­նալին այն է, որ այս եր­կու բան­տարկեալ «ար­քե­պիս­կո­պոս»-նե­րը (որոնցմէ մէկուն՝ Գալստանեանի հոգեւորականի կոչու­մը «սառեցուած» է) իրենք զի­րենք քաղ­բանտար­կեալ կը սե­պեն, ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջեն, սա­կայն չեն վա­րանիր իրենց քրիս­տո­նեայ միաբան եղ­բայրնե­րը դա­ւաճան հռչա­կելու եւ կը պա­հան­ջեն անոնց կար­գա­լու­ծութիւ­նը Վե­հա­փառին մի­ահե­ծան որո­շու­մով։ Այս երե­ւոյ­թը կա­րեւոր ցու­ցիչ է այն հի­ւան­դա­գին հո­գեբա­նու­թեան, մտա­ւորա­կան մա­կար­դա­կին, որ կը տի­րէ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւո­րական­նե­րուն մէկ մա­սին մէջ։

Եկե­ղեց­իէն ներս տագ­նա­պը տե­սա­նե­լի չէր, մին­չեւ որ առա­ջին կայ­ծը, առա­ջին քայ­լը նե­տեց քա­հա­նայ մը՝ Տէր Արա­մը, որ շու­տով տա­րածում գտաւ մի քա­նի այլ տէրհայրե­րու մօտ, որ­մէ ետք կար­գը հա­սաւ եպիս­կո­պոս­նե­րուն եւ ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րուն։ Հար­ցը կա­րելի է քննել տար­բեր դի­տան­կիւննե­րէ՝ քա­ղաքա­կան, եկե­ղեցա­կան, պե­տական, հո­գեւոր, ըն­կե­րաբա­նա­կան, բա­րոյա­կան, ար­դա­րա­դա­տական, օրէնսդրա­կան…, սա­կայն, բո­լորէն վեր տագ­նա­պը նե­րեկե­ղեցա­կան է, եկե­ղեցա­կան­նե­րը իրե՛նք պէտք է լու­ծեն իրենց տագնապը, բայց, փա­խուստ կու­ տան զո­հի, հա­լածեալի կեր­պար մը ստեղ­ծած, ան­տե­սելով ժո­ղովուրդին ամէ­նօր­եայ հո­գերն ու կա­րիք­նե­րը ։

Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցւոյ այս պա­ռակ­տուած տագ­նա­պալի վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով՝ Վե­հափա­ռը բա­ցակա­յեցաւ քրիս­տո­նէական կա­րեւո­րագոյն տօ­նախմբու­թիւննե­րէն՝ Նի­կիոյ Հան­գա­նակին 1700-ամեակի նշումի արարողու­թե­նէն, որուն մաս­նակցեցան քրիս­տո­նեայ եկե­ղեցի­ներուն առաջ­նորդնե­րը, Լե­ւոն ԺԴ. պապին եւ Ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ քա­հանա­յապետ՝ Բար­թուղիմէոսի նա­խագա­հու­թեամբ։ 

Հա­կապատ­կե­րը ցնցիչ է՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ամ­լութեան դի­մաց, նա­խան­ձե­լի է կա­թողի­կէ քա­հանա­յապետ Լե­ւոն ԺԴ. պապին կեր­պա­րը, որ իր քրիս­տո­նէական պաշ­տօ­նին գլուխը՝ մարդ­կու­թիւնը յու­զող բա­րոյա­կան, ըն­կե­րային, տնտե­սական, քա­ղաքա­կան հար­ցե­րուն դի­մադրելու համար՝ խաղաղու­թեան, երկխօ­սու­թեան պատ­գամներ կ՚ուղղէ։ Այ­ցե­լելով Պոլ­սոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատ­րիար­քութիւ­նը, յի­շատա­կեց Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Կլա­յեցին, որ կը ջա­տագո­վէր եկե­ղեցի­ներուն միաս­նա­կանու­թիւնը բո­լոր դա­ւանանքնե­րը յար­գե­լով, այն ժա­մանակ այ­լազգի ար­շա­ւանքնե­րուն դի­մադ­րե­լու մտա­դ­րութեամբ։ Իսկ պա­տերազ­մէն հիւծած ու ներ­քին հա­մայան­քա­յին ան­հա­մաձայ­նութիւննե­րու մէջ մխրճուած լի­բանան­ցի ժո­ղովուրդին՝ Պա­պը յոյս, յա­րատե­ւու­թիւն եւ խա­ղաղու­թիւն մաղ­թեց, ար­ժա­նանա­լով բա­ցառիկ խան­դա­վառ ըն­դունե­լու­թեան։ Օրի­նակե­լի պա­րագայ մը, յու­սա­լով որ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին եւս կը վե­րագտնէ ժո­ղովուրդը խա­ղաղու­թեան եւ համերաշ­խութեան ճա­նապար­հ առաջ­նորդե­լու իր դե­րակա­տարու­թիւնը։

Դեկ­տեմբեր 4-5-ին կը սպա­սուի Վե­հափա­ռին այ­ցե­լու­թիւնը Մար­սի­լիա, յոյ­սով որ ֆրան­սա­հայու­թեան կող­մէ անոր ըն­դունե­լու­թիւնը ըլ­լայ պատ­շաճ ու պա­տասխանատու, նոյ­նիսկ եթէ խղճալի է Եկե­ղեց­ւոյ վի­ճակը։

Ժ.Չ. ■