ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Եկեղեցին վերանորոգման հրամայականին առջեւ

Արամ քա­հանայ Ասատ­րեանին՝ Մայր Աթո­ռին կողմէ կար­գա­լոյծ հռչա­կուի­լը, յի­շեալ քա­հանա­յին այդ որո­շու­մը մեր­ժե­լը, զայն հա­կա­կա­նոնա­կան հռչա­կելով դա­տա­պար­տե­լը եւ Յով­հա­ննավան­քի մէջ կի­րակ­նօ­րեայ պա­տարագ մա­տու­ցե­լը նոր էջ մը կը բա­նան Հայ առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ ծոցէն ներս։ Էջ մը, որ հա­կառակ շատշա­տե­րու աղէ­տալի գու­շա­կու­թիւն­նե­րուն, տագ­նա­պի հան­գուցա­լու­ծման սկիզբը կրնայ հան­դի­սանալ։

Եր­կու պատ­ճա­ռով՝ նախ, գիւ­ղա­ցինե­րուն իրենց քա­հանա­յին ցուցա­բե­րած ան­սակարկ աջակ­ցութեան եւ երկրորդ՝ պա­տարա­գին վար­չա­պետին ներ­կա­յու­թեան։ Արամ քա­հանան Վե­հափա­ռին եւ եկե­ղեցա­կան վեր­նա­խաւին ստեղ­ծած կուռ պա­րիս­պին վրայ առա­ջին ճեղ­քը բա­ցաւ։ Եղան իրեն հե­տեւող­ներ։ Եւ դեռ պի­տի ըլ­լան։ Լե­զու­նե­րը քա­կուե­լու սկսան եւ առա­ջին հեր­թին քա­հանա­ները, որոնք մե­ծագոյն տու­ժողներն են եկե­ղեցիկա­ռավա­րու­թիւն հա­կադ­րութենէն։ Քահանան զերծ է, իբ­րեւ ամուսնա­ցեալ եկե­ղեցա­կան, եկե­ղեց­ւոյ վեր­նախա­ւին կու­սակրօ­նու­թեան, իմա՝ կին ու­նե­նալչու­նե­նալու տագ­նա­պէն, սա­կայն անոնք եւս կը ճա­շակեն բարձր­աս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րու ստեղ­ծած ան­պատւու­թիւնն ու հան­րա­յին կար­ծի­քի ցա­սու­մը։ Նոյնքան ալ կը տա­ռապին վեր­նա­խաւին արա­տաւոր միւս բար­քե­րէն՝ դիր­քի չա­րաշա­հում, նուիրա­պետա­կան կար­գին մէջ բարձր դիր­քեր գրա­ւելու մրցակ­ցութիւն,…։ Եւ ի տար­բերութիւն սփիւռքի ծխա­կան քա­հանա­ներուն, անոնք նոյ­նիսկ կա­յուն վար­ձատրու­թիւն չու­նին, Վե­հափա­ռը զլա­ցած է իրենց այդ առա­ւելու­թիւնը։ Ու­րեմն, կա­խեալ են մի­միայն ծխա­կան հա­մայնքի սրտա­բուխ նուիրատ­ւութիւննե­րէն։ Երե­ւակա­յեցէք վի­ճակը ծխա­կան հո­վիւի մը, որ կը ծա­ռայէ սահ­մա­նամերձ գիւղ մը, որուն բնա­կիչ­նե­րը նիւ­թա­պէս թշուառ կա­ցու­թեան մէջ են. ինչպէս կ՚ու­զէք որ քա­հանան պատշաճօրէն մատուցէ իր ծա­ռայու­թիւնը։ Ստի­պուած կ՚ըլլայ կողմ­նա­կի գործ մը ընե­լու եւ ատով ալ թի­րախ կը դառ­նայ քննա­դատու­թեան՝ «եկե­ղեցա­կանը բիզ­նե­սով կը զբաղի»։ Այս պայ­մաննե­րուն մէջ, Հա­յաս­տա­նի 700 քա­հանա­ներէն շա­տերուն երա­զը ար­տա­սահ­ման մեկ­նիլն է, Մայր Աթո­ռի քմա­հաճ պա­հանջնե­րէն ազատելու եւ տնտե­սապէս նուազա­գոյն պատ­շաճ ապ­րուստ ապա­հովե­լու հա­մար։

Վեր­ջա­պէս, Փա­շինեանԳա­րեգին Բ. բա­խու­մը ո՛չ այնքան հե­տաքրքրա­կան է, ո՛չ ալ խոստմնալից, երբ կը սահ­մա­նափակուի սահ­մա­նադ­րա­կանօ­րէն պաշտպա­նուած եր­կու կառոյցի՝ եկե­ղեցիպետու­թիւն պայ­քա­րով, որոնք իրա­րու վրայ դիր­քա­յին յար­ձա­կումներ կը կա­տարեն։ Թէեւ ներ­կայ պա­րագա­յին Փա­շինեանի դիր­քե­րը շատ աւե­լի ամուր են, որով­հե­տեւ ժո­ղովրդա­յին քուէով ընտրուած վար­չա­պետ է եւ Վե­հափա­ռին ու եկե­ղեց­ւոյ վեր­նա­խաւին անոր ուղղած քննա­դա­տու­թիւններն ու ամ­բաստա­նու­թիւն­նե­րը ու­նին բա­րոյա­կան ամուր հիմ­քեր. եկե­ղեցին տա­կաւին չէ կրցած ար­ժա­նահա­ւատ պա­տաս­խան մը տալկու­սակրօ­նու­թիւնը խախ­տած եկե­ղե­ցա­կան­նե­րուն դէմ յղուած ամ­բաստա­նու­թեան։ Տե­սանիւթեր կը շրջին, հար­ցազրոյցներ եւ գաղտնի ձայ­նա­գրու­թիւններ նոր բա­ցայայ­տումներ երե­ւան կը հանեն, որոնց հա­մար Մայր Աթո­ռը ստի­պուած է բա­ցատ­րութիւն տա­լու, կար­գա­պահա­կան պա­տիժ­ներ սահ­մա­նելու, կարգ ու կա­նոն հաս­տա­տելու, սա­կայն միակ կար­գա­պահա­կան որո­շու­մը որ կայացուեցաւ ցայժմ, Արամ քա­հանա­յի կար­գա­լու­ծման վե­րաբերողն էր։

Վար­չա­պետը ու­նի նաեւ լուրջ դրդա­պատ­ճառներ եկե­ղեց­ւոյ քա­ղա­քա­կան գոր­ծունէու­թեան հա­կազ­դե­լու, երբ եկե­ղեցին օտար երկրի կա­ռավա­րիչ­նե­րու քմա­հաճ ծա­ռայու­թիւն կը մա­տու­ցէ, ինչպէս՝ Պելա­ռու­սիոյ մէջ հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ բա­ցու­մին՝ Վե­հափա­ռի դա­տապար­տե­լի մաս­նակցու­թեան պա­րագան, մինչ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը այդ երկրին հետ կա­սեցու­ցած է դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մին անոր թշնա­մական ու դա­ւադ­րա­կան կե­ցուած­քին պատ­ճա­ռով։

Փա­շինեանի դիր­քե­րը ամուր են նաեւ որով­հե­տեւ կա­ռավա­րու­թիւնն ու խորհրդա­րանի իշ­խա­նական խմբակ­ցու­թիւ­նը միահա­մուռ կանգնած են վար­չա­պետին կող­քին։ Իսկ եկե­ղեց­ւոյ պա­րա­գա­յին՝ ներ­քին ճեղ­քեր երե­ւան կու գան։ Կան նաեւ դա­տական հե­տա­պնդում­ներ, որոնք ցոյց կու տան եկե­ղեց­ւոյ բա­րեկար­գումի անհրա­ժեշ­տու­թիւնը։

Ժ.Չ. ■