Հոկտեմբեր 27-ին «Նոր Յառաջ» պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 16-րդ տարեդարձը։
Անցեալ տարի Հոկտեմբեր 4-ին հանրային հանդիպում մը կազմակերպեցինք թերթին ապագային շուրջ՝ «Շարունակե՞լ, թէ՞ դադրեցնել» հարցադրումով, առողջ ու անհրաժեշտ համարելով հայ հասարակութեան հետ այդ մասին խորհրդածութիւնը։ Թերթ մը կ՚ապրի իր ընթերցողներով։ Քաջալերուած՝ թերթին համակիրներուն ցուցաբերած զօրակցութենէն՝ կազմակերպեցինք դրամահաւաք Հայ կարմիր խաչի օգնութեան միութեան միջոցով, ՀելլօԱսսօ հարթակին վրայ, որմէ գոյացաւ շուրջ քսան վեց հազար եւրոյի նուիրատւութիւն։ Իսկ «Նոր Յառաջ»-ին ուղղակի նուիրատւութիւնները կազմեցին երեսուն հինգ հազար։ Սոյն զօրակցութեան արտայայտութիւնը կարեւոր է գոյապայքարը շարունակելու համար տեղեկատուական աշխարհի նոր պայմաններուն յարմարելով։
Տարի մը ետք, դրամահաւաքի նոր արշաւ մը սկսանք անցեալ Սեպտեմբերին, դա՛րձեալ Հայ կարմիր խաչի օգնութեան միութեան աջակցութեամբ։ Մեր ընթերցողներուն եւ համակիրներուն առատաձեռնութիւնն ու զօրակցութիւնը էական են, որ դիմագրաւենք նիւթական դժուարութիւնները եւ շարունակենք «Յառաջ»-էն «Նոր Յառաջ»-ին փոխանցուած լրատուական առաքելութիւնը։
Արդարեւ 2025-ին լրացաւ Թիֆլիսի մէջ 1905-ին հիմնադրուած «Յառաջ» թերթին 120-ամեակը, իսկ Ֆրանսայի մէջ անոր նոյն անունով վերհրատարակման 100-ամեակը։ Դարաւոր ժառանգութիւնը ստանձնելը, զայն 21-րդ դարու լրատու դաշտին նոր պահանջներուն, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան նոր պայմաններուն պատշաճեցնելը մեծ մարտահրաւէր մըն է Սփիւռքի պայմաններուն մէջ գործող փոքրիկ, անկախ թերթի մը համար, որուն կարողութիւնները սահմանափակ ըլլալով հանդերձ՝ ունի գոյատեւելու մեծ ախորժակ, օրը—օրին պատմելու հայութեան դիմագրաւած ուրախալի կամ տխուր անցքերը, հաղորդելու քաղաքական, ընկերային, մշակութային, պատմական, վերլուծական, գրական ու տեղեկագրական տուեալներ, աշխուժ պահելու համար համայնքային կեանքը։
Սփիւռքի ինքնութենական բարդ պայմաններուն մէջ խօսքի ազատութիւնը, մամուլի անկախութիւնը կը մնան գլխաւոր այն երկու կռուանները, որոնք «Նոր Յառաջ»-ի գոյութիւնը կ՚իմաստաւորեն։ Միջազգային քաղաքական բարդ անցքերը, ներհայկական հարցերուն, Հայաստան—Սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ անոնց անդրադարձը ազատօրէն, անկախ կուսակցական թելադրանքներէ՝ բազմակողմանի քննարկումի ենթարկելը կը մնայ առաջնահերթ ու էական։
Այս առթիւ կ՚ուզենք յայտնել նաեւ որ «Նոր Յառաջ»-ի հրատարակութիւնը եւս շուտով պիտի ստանձնէ Հայ կարմիր խաչի օգնութեան միութիւնը, որ «1901-ի ընկերակցութեան» կարգավիճակ ունի եւ այդ հանգամանքով կրնայ նաեւ կամաւորներ ներգրաւել թերթին աշխատանքին նեցուկ կանգնելու, եւ դրամահաւաքը ուղղակի կազմակերպել իր անունով։
Դիմանալէն անդին, դրամահաւաքը առիթ ընծայեց նաեւ հիմքը դնելու նորարար լուծումներու որդեգրման լրատուական գործին մէջ։ Թուային աշխարհի նորութիւններուն հետ համընթաց քալելը էական է։ «Նոր Յառաջ» շատ փոքր լրասփիւռ է, սակայն մեծապէս անհրաժեշտ է անոր նորարարական լուծումներ որդեգրելը, որքան որ մեծ են հայ համայնքի լրատուական պահանջները։
«Նոր Յառաջ» ստիպուած պիտի ըլլայ իր բաժանորդագրութեան սակերը բարձրացնելու 50 եւրօ։ Կեանքի սղութիւնը զգալի դարձած է յատկապէս համաճարակէն ետք։ Թերթիս պարագային՝ 2009-էն ցայսօր անփոփոխ պահպանած ենք սակերը, սակայն այդ ընթացքին տպագրական ծախսերը բարձրացան 50 տոկոս, առաքման ծախսերը գրեթէ 100 տոկոս։ Յոյսով ենք որ մեր ընթերցողները ըմբռնումով կ՚ընդունին այս անցանկալի որոշումը։
Ժ.Չ. ■