ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Խաղաղութեան ճանապարհին՝ կրիայի քայլերով 

Հա­յաս­տան-Ազերպայ­ճան խա­ղա­ղու­թեան դա­շին­քի ստո­րագ­րութեան գործընթացը կը յա­ռաջա­նայ կրիայի քայ­լե­րով։ Յամրա­քայլ գոր­ծընթա­ցին զու­գա­հեռ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ կը սաստկա­նայ տա­րածաշրջա­նային պա­տերազ­մա­կան վի­ճակը, յատ­կա­պէս Իս­րա­յէլի նախաձեռնած մի­ջազ­գա­յին ահա­բեկ­չա­կան, ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն պատ­ճա­ռով, ինչպէս Տո­հայի մէջ Հա­մասի պա­տաս­խա­նատու­նե­րու սպա­նու­թիւնը, որ ան­գործու­թեան մատ­նեց Իս­րա­յէլ-Հա­մաս հրա­դադա­րի դի­ւանա­գիտա­կան ջան­քե­րը եւ ոտ­քի հա­նեց ամ­բողջ արաբ-իս­լա­մական աշ­խարհը։

Տա­րածաշրջա­նը կը դառ­նայ օր ըստ օրէ աւե­լի ու աւե­լի ան­կա­յուն։ Իսկ Իս­րա­յէլի ան­զի­ջող ու կոր­ծա­նարար ցե­ղաս­պա­նական գոր­ծո­ղու­թիւններուն ԱՄՆ-ու զօ­րակ­ցութիւ­նն ու մեղ­սակցու­թիւնը հար­ցադրումներ կը յա­ռաջաց­նեն Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ անոր դե­րակա­տարու­թեան ան­կեղծու­թեան ու պա­տեհու­թեան շուրջ, հե­տեւա­բար նաեւ՝ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի։ 

Այս երե­ւոյ­թը ԱՄՆ-ու դաշ­նա­կից արաբ եւ իս­լա­մական պե­տու­թիւննե­րը կը մղեն վե­րանա­յելու իրենց յա­րաբե­րու­թիւննե­րը անոր հետ։ Իսկ Իս­րա­յէլ ամէն օր կը գե­րազան­ցէ ինքզինք մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի խախ­տումնե­րու իր գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով։ Վեր­ջին արար­քը ԱՄՆ-ու դաշ­նա­կից Քա­թարի վրայ յար­ձա­կումն էր, որ ԱՄՆ-ու հան­դէպ անվստա­հու­թեան եւ թշնա­մու­թեան նոր էջ մը բա­ցաւ։

Որ­քա­նո՞վ այս իրա­դար­ձութիւննե­րը կ՚ազ­դեն Հա­յաս­տան-Ազեր­պայ­ճան խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րութեան վրայ։ Պարզ է որ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ ԱՄՆ-ու դիր­քե­րու տկա­րացու­մը եւ անոր հան­դէպ անվստա­հու­թիւնը անուղղա­կի կը զօ­րաց­նեն Ռու­սաստա­նի եւ Իրա­նի դիր­քե­րը եւ հե­տեւա­բար բա­ցասա­կան կեր­պով կ՚ազ­դէ Թրամ­փի խա­ղաղու­թեան ճա­նապար­հի կա­ռուցման վրայ եւս։

Երկրորդ՝ նկա­տի առ­նե­լով Իս­րա­յէլ-Ազեր­պայճան ռազ­մա­վարա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը՝ Քա­թարի վրայ Իս­րա­յէլի յար­ձա­կու­մը արաբ-իս­լա­մա­կան աշ­խարհին մէջ կը մե­կու­սաց­նէ Ազեր­պայճանն ու կը տկա­րաց­նէ անոր դիր­քե­րը։ 

Այս բո­լորով հան­դերձ, Թուրքիա կը մնայ վեր­ջի­նիս մե­ծագոյն նե­ցու­կը յատ­կա­պէս Թրամ­փի խա­ղաղու­թեան ճա­նապար­հի կա­ռուցման եւ գոր­ծարկու­մին կա­պակ­ցութեամբ։ Եւ հա­կառակ Ուա­շինկթընի մէջ Թրամ­փի խա­ղաղու­թեան ճա­նապար­հի կա­ռու­ցման մասին եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թեան՝ թրքա­կան կող­մը ձայ­նակցե­լով Ազեր­պէյճա­նի՝ կը շա­րու­նա­կէ Թրամ­փի ճա­նապարհը կոչել «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք» կամ «Զան­գե­զու­րի անցք», ի հեճուկս Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րացի հա­կազ­դե­ցու­թեան, ինչպէս Փա­շինեան ար­տա­յայտեց «Պրիքս»-ի վերջին վե­հա­ժողո­վին։

Այս բո­լոր իրա­դար­ձութիւննե­րը չխան­գա­րեցին Հա­յաս­տան-Թուրքիա եւ Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան կար­գա­ւոր­ման հո­լովոյ­թին շա­րու­նա­կու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ, Թուրքիոյ յա­տուկ ներ­կա­յացու­ցիչ Սեր­տար Քը­լըչ Մար­գա­րայի ան­ցա­կէտով Հա­յաս­տան հասաւ ու իր պաշ­տօ­նակցին՝ Ռու­բէն Ռու­բի­նեանի հետ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ։ Նոյնպէս, ԱՄՆ յայտարարեց, թէ Թրամ­փի ճա­նապար­հի կա­ռուց­ման հա­մար կը նախատեսէ 145 մի­լիոն տո­լարի առա­ջին յատ­կա­ցու­մ մը Հայաստանին, ինչ որ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նայ երկրին տնտե­սու­թեան վրայ ու կը խթանէ օտա­ր ներ­դրումնե­րը։

Այս պայմաններուն մէջ, Հռո­մի Մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու հիմ­նար­կի կազ­մա­կեր­պած հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թացքին Թուրքիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Հա­քան Ֆի­տա­նի յայ­տա­րարու­թիւնը ցոյց կու­ տայ անոր երկրին որո­շիչ դե­րը Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան խա­ղաղու­թեան դա­շին­քի ստո­րագ­րու­թեան մէջ, ինչպէս նաեւ հարցին նկատմամբ անոր պատ­կե­րացու­մը. «Ուա­շինկթընի մէջ ստո­րագ­րո­ւած փաս­տա­թուղթը վերջ­նա­կան չէ. վերջնա­կան փաս­տաթուղթին ստո­րագ­րու­թիւնը կը սպա­սուի 2026-ի առա­ջին կէ­սին։ Եւ երբ Հա­յաս­տան ու Ազերպայճան ստո­րագ­րեն վերջնա­կան խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նա­գիրը, Թուրքիա նոյնպէս կը սկսի ձեռ­նարկել քայ­լե­րու՝ կար­գա­ւորե­լու հա­մար իր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը Հա­յաս­տա­նի հետ»։

Ժ.Չ. ■