ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Կառավարութիւն — եկեղեցի պայքարը կը շարունակուի

Տե­ղի ու­նե­ցան Վաղարշապատ (Էջ­միածին) խո­շորա­ցուած հա­մայնքի քա­ղաքա­պետա­կան ընտրու­թիւննե­րը։ Կեդրո­նական ընտրա­կան յանձնա­ժո­ղո­վի հրա­պարա­կած տուեալ­նե­րով՝ վար­չա­պետին ղե­կավա­րած «Քա­ղա­քա­ցիական պայ­մա­նագիր» կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծուն պի­տի դառ­նայ քա­ղաքա­պետ եւ բա­ցար­ձակ մե­ծամաս­նութեամբ կա­ռավա­րէ քա­ղաքը։

Այս ընտրու­թիւնը շատ յատ­կանշա­կան է, որով­հե­տեւ Գիւմրիի ընտրու­թիւննե­րէն ետք, երկրորդ ընտրու­թիւնն էր, որ պի­տի նա­խան­շէր եկող տա­րուան խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րուն սպա­սելի ար­դիւնքնե­րը։ Վար­չա­պետը, իր շնոր­հա­ւորա­կան ու­ղերձին մէջ առի­թը չէ փախ­ցուցած ընդգծե­լու ընտրու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը, վեր­նագրե­լով՝ «Վա­ղար­շա­պատի ընտրա­կան դա­սը». ուր նշած է՝ «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագի­րը յաղ­թեց, իսկ ընդդի­մու­թիւնը պար­տուեց։ Սրա հա­մար կայ մէկ գլո­բալ պատ­ճառ. ընդդի­մու­թիւնը խօսում էր ապո­կալիպ­սի­սի (apocalypse), իսկ ՔՊն՝ կեան­քի մա­սին։ Եւ մար­դիկ պար­զա­պէս ընտրե­ցին կեան­քը։ Իմ հա­մեստ կար­ծի­քով՝ այդպէս լի­նելու է նաեւ 2026 թուակա­նի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րում…»։

Այս ընտրու­թիւնը խորհրդան­շա­կան էր նաեւ Մայր Աթո­ռի նստա­վայրքա­ղաքին մէջ կա­յացման բնոյ­թով, ուր Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին պէտք է ու­նե­նար հա­մակիր­նե­րու մեծ առա­ւելու­թիւն մը։ Սա­կայն, իրա­կանու­թիւնը այլ պատ­կեր պար­զեց։ Վար­չա­պետին ղե­կավա­րած Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր կու­սակցու­թիւնը ստա­ցաւ քուէնե­րուն 48,6 տո­կոսը, իսկ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ զօ­րակ­ցող «Յաղ­թա­նակ» դա­շին­քը՝ 31,8։ Եր­րորդ դիր­քի վրայ հասաւ «Մայր Հա­յաս­տան» կու­սակցու­թիւնը՝ 5,4 տո­կոսով։ Մնա­ցեալ վեց կու­սակցու­թիւննե­րը չան­ցան անհրաժեշտ 5 տո­կոսի շե­մը։

Այս ընտրու­թիւննե­րէն քա­ջալե­րուած, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ գա­հակա­լը տա­պալե­լու Փա­շինեանի ար­շա­ւը պի­տի շա­րու­նա­կուի նոր թա­փով։ Մինչ այդ, վար­չա­պետին կողմնա­կից­նե­րը՝ «Աշ­խարհիկ մարդկանց հոգեւոր ակումբ հասարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւն» անուան տակ, նա­խագա­հու­թեամբ Ստե­փան Սարգսեանի, առա­ջին ան­գամ ըլ­լալով Երե­ւանի մէջ կազ­մա­կեր­պե­ցին «Աղօթ­քի նա­խաճաշ» մը, որուն մաս­նակ­ցած են 300 բարձրաս­տի­ճան անձ­նա­ւորու­թիւններ, ար­տա­սահ­մա­նէն ու Հա­յաս­տա­նէն։

«Աղօթ­քի նա­խաճաշ»-ի հե­ռահար նպա­տակն է խթա­նել երկխօսու­թիւնն ու հա­մագոր­ծակցու­թիւնը, հիմք ու­նենալով Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան, քրիս­տո­նէական ինքնու­թիւնը, խա­ղաղու­թիւնը, բա­րոյա­կան սկզբունքնե­րու վրայ հիմ­նուած առաջ­նորդու­թիւնը եւ կրօ­նական ազա­տու­թիւնը։ Մի­ջոցա­ռու­մը ԱՄՆու մէջ տա­րածում գտած աւան­դութիւն է, որուն վար­չա­պետ Փա­շին­եան առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մաս­նակ­ցած էր նա­խագահ Թրամ­փի հրա­ւէրով։ Այս հա­ւաքի ըն­թացքին, որուն իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րած են նաեւ Հայ առա­քելա­կան, կա­թողի­կէ եւ աւե­տարա­նական եկե­ղեցի­ներու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը, Հայաստանի վարչապետը հան­դէս եկած է գլխա­ւոր ելոյ­թով՝ ուր ընդգծած է որ­պէս աշ­խար­հի առա­ջին քրիս­տո­նեայ պե­տու­թիւն՝ Հա­յաս­տա­նի կրօ­նական ժա­ռան­գութեան եւ հա­սարա­կական կեան­քին մէջ անձնա­կան հա­ւատ­քին կարեւորու­թիւնը։ Յատ­կա­պէս՝ Christian Solidarity Inter­national կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն կող­մէ հնչած են նաեւ խիստ քննա­դատու­թիւններ ուղղուած Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան, եկե­ղեցա­կան­նե­րու ձեր­բա­կալման եւ բան­տարկու­թեան առնչութեամբ։

Ժ.Չ. ■