ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – «Հայաստան-Ֆրանսա ազգային հաւաքական»-ի ծնունդը

Մարսի­լիոյ մէջ Հոկ­տեմբեր 5-ին հիմ­քը դրուեցաւ «Հա­յաս­տանՖրան­սա ազ­գա­յին հա­ւաքա­կան»-ին (CNAF — Collectif National Arménie-France), որ առայժմ կը միաւո­րէ Ֆրան­սա­յի տար­բեր շրջան­նե­րէ 74 միու­թիւններ, որոնք ան­ցեալ Յու­նի­սին ստո­րագ­րած էին «Հա­յաս­տա­նի հա­մար կոչ» մը։ Այդ կոչին նպա­տակն է ի տես Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգնե­րուն՝ ամ­րապնդել ֆրան­սա­հայ սփիւռքի կա­պերը Հա­յաս­տա­նի հետ, զօ­րա­վիգ հան­դի­սանալ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան ջան­քե­րուն՝ ար­դար եւ կա­յուն խա­ղաղու­թիւն ձեռք բե­րե­լու, ժո­ղովրդա­վար ու իրա­ւունքի պե­տու­թիւն հիմ­նե­լու եւ վե­րահաս­տա­տելու Հա­յաս­տա­նի հողա­յին ինք­նիշ­խա­նու­թիւնը, ամ­րապնդե­լու Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութիւ­նը։

Բնա­կանա­բար կը յա­ռաջա­նայ հար­ցումը՝ ին­չո՞ւ ստեղծել նման նոր կա­ռոյ­ց, մինչ ար­դէն կան հա­մա­գա­ղու­թա­յին եւ հա­մազ­գա­յին կա­ռոյցներ, ինչպէս՝ CCAF-ը, Եկե­ղեցին, աւան­դա­կան բա­րեսի­րա­կան կազ­մա­կեր­պութիւնները, կու­սակ­ցութիւնները։ Դժբախտա­բար բա­ցի Ֆրանսայի «Հա­յաս­տան» հիմ­նադրա­մէն, ֆրան­սա­հայ հա­մագա­ղու­թա­յին եւ հա­մաս­փիւռքեան մե­ծագոյն կա­ռոյցնե­րը, ինչպէս՝ CCAF-ը, Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին, ՀՅԴն եւ որոշ չա­փով ՀԲԸՄը զա­նազան պատ­ճառնե­րով կը հա­կառա­կին Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ կա­ռավա­րու­թեան։ Վեր­ջին երե­քին պա­րագան եթէ որոշ չա­փով կը բա­ցատ­րուի անոնց մայր կա­ռոյցին դիր­քո­րոշու­մով, որոնց կեդ­րո­նը կը գտնուի Ֆրան­սա­յէն դուրս, CCAF-ինը կը մնայ ան­հասկնա­լի, ըլ­լա­լով ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը հա­մակար­գող մար­մին, որուն գլխա­ւոր գոր­ծա­ռոյ­թը Ֆրան­սա­յի մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րային, հա­մայնքա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու գոր­ծունէու­թիւնը համակար­գելն է եւ Ֆրան­սա­յի պե­տական մար­մին­նե­րուն հետ հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի ի նպաստ կա­պեր հաս­տա­տելը։ Սա­կայն, գործնա­կանին մէջ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մը եւ ժխտո­ղակա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րը եղած են անոր գլխա­ւոր գոր­ծա­ռոյ­թը եւ տա­րեկան ընթրի­քի կազ­մա­կեր­պումը, որուն կը հրա­ւիրուին Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հը կամ անոր ներ­կա­յացու­ցի­չըԵր­կու հա­մանա­խագահ­նե­րով ղե­կավա­րուած այս կա­ռոյ­ցը մի քա­նի տա­րի է որ սուր կազ­մա­կերպչա­կան տագ­նա­պի մէջ է ու նոր կա­նոնադ­րութիւն հաս­տա­տելու բարդ հար­ցի առ­ջեւ կանգնած։ 2020-ի ար­ցա­խեան պա­տերազ­մին պար­տութիւ­նը եւ Ար­ցա­խի ցե­ղային զտու­մը կոտ­րե­ցին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտումին դէմ պայ­քա­րի թա­փը։ Սփիւռքի մէջ հա­մախո­հու­թիւն ստեղ­ծող այս գոր­ծա­ռոյ­թը խան­գա­րուե­ցաւ եւ աւե­լի ստի­պողա­կան դար­ձուց նոր ռազ­մա­վարու­թեան մշա­կու­մը. ասոր վրայ պէտք է աւել­ցնել տա­րինե­րէ ի վեր անոր ղե­կավա­րու­թեան տեւականացման ստեղծած տագ­նա­պը։ Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ է, որ փո­խանակ լիովին նոր ռազ­մա­վարու­թիւն մշա­կելու, նոր սե­րունդ հասցնե­լու, Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան գո­յատե­ւման դժուարին պա­հուն՝ Ֆրան­սա­յի հետ յարաբերութիւններուն մէջ դես­պանու­թիւն ստանձնե­լու, CCAF-ի ղե­կավա­րու­թիւնը թշնա­մական քա­ղաքա­կանու­թիւն կը վա­րէ։ Եւ այս պայ­մաննե­րուն մէջ է, որ ծնունդ կ՚առ­նէ նոր շար­ժումը՝ «Հա­յաս­տանՖրան­սա ազ­գա­յին հա­ւաքա­կան»-ը. ան կու գայ մեծ բաց մը գոցելու երկու երկիրներու յա­րաբե­րու­թիւններուն մէջ։ 

Ժ.Չ.